ՀԻՒՍԹԸՆ, Թեքսաս.- Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Հիւսթընի ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, տեղւոյն «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 129ամեակի տօնակատարութիւնը, առաւել քան 120 համակիրներու եւ կուսակցականներու մասնակցութեամբ։
Ձեռնարկին հանդիսավար Վրոյր Ֆրենքեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց կուսակցութեան ազգանուէր սպասարկութիւնները, յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատման գործին մէջ, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ հայրենիքի եւ հայութեան ի նպաստ տարած իր ծառայութիւններուն փոխարէն կուսակցութիւնը երբեք գովասանք չ՛ակնկալեր։
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լենա Պօզոյեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախի Հանրապետութիւնը կերտելու ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը զոհած հերոսներուն յիշատակը։
Այս ներկայացումէն բացայայտօրէն զգացուած՝ ներկաները ձեռնարկին հանդիսավար Վրոյր Ֆրենքեանի խրախուսանքով, տեղւոյն վրայ նուիրահաւաք մը կատարելով Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին յատկացուցին մօտաւորապէս 30,000 տոլար գումար մը, որպէսզի անիկա շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը։