ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Եուսեֆ Աքուրի քննադատեց Թուրքիոյ այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Թուրքիա պատրաստ է Լիպիա զօրք ուղարկելու, եթէ երկրին ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը այդ առաջարկը կատարէ:
Աքուրի նշեց, որ Լիպիոյ խորհրդարանը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պիտի պահանջէ՝ քննարկելու համար Լիպիոյ մէջ թրքական միջամտութիւնը:
«Կը մերժենք այս սպառնալիքը եւ զայն կը նկատենք թրքական կառավարութեան կողմէ գերիշխան պետութեան մը մէջ բացայայտ միջամտութեան շարունակութիւնը եւ ոչ սահմանադրական իշխանութեան մը պատկանող զինեալ խմբաւորումներու յստակ աջակցութիւն մը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու խախտում»:
Իր կարգին, թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ իր երկիրը Լիպիոյ հետ ծովային գօտիներու սահմանագծման յուշագիրը վաւերացման համար յղած է ՄԱԿին՝ հակառակ զայն միջազգային օրէնքի ոտնահարում նկատող Յունաստանի եւ այլ կողմերու առարկութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է Լիպիա զօրք ուղարկելու, եթէ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը այդ առաջարկը ներկայացնէ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս յայտնած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է պաշտպանութեան մարզին մէջ Ֆայեզ Սարաճի գլխաւորած ազգային համաձայնութեան կառավարութեան աջակցելու, «եթէ կառավարութիւնը Թուրքիայէն խնդրէ»:
Մինչ այդ, Սարաճի ընդդիմացող Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆ Հաֆթար, որուն իշխանութեան տակ կը գտնուի արեւելեան Լիպիան, յայտարարած էր, որ հրահանգ ունի շրջանի խորհրդարանէն՝ ոչնչացնելու այն թրքական նաւերը, որոնք կը մօտենան Լիպիոյ ափերուն: