ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- 12 Դեկտեմբերին, Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց՝ շեշտը կտրուկ կերպով երկիրը Եւրոպական Միութենէն դուրս բերելու պայքարին («Պրեկզիթ») վրայ դրած Պահպանողական կուսակցութիւնը եւ 13 Դեկտեմբերին, վարչապետ Պորիս Ճանսըն յայտարարեց, թէ անկասկած մինչեւ 31 Յունուար պիտի իրականացնէ այդ նպատակը։
Պահպանողականներուն յաղթանակը 1987էն ի վեր մեծագոյնն էր եւ ներկայիս կուսակցութիւնը ունի 365 աթոռ, մինչ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը՝ 203, կորսնցուցած ըլլալով 598 աթոռներ։