ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ Ազգային պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական աթոռի գահակալ ընտրուեցաւ Սահակ եպս. Մաշալեան:
Այս առթիւ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, յանուն թեմի հոգեւոր դասուն, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան՝ շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր պատրիարքին, մաղթելով անոր բեղուն գործունէութեամբ լի առաքելութիւն:
«Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի ոյժ ու կորով պարգեւէ, հոգեւորապէս զինէ եւ զօրացնէ ձեզ, որպէսզի շարունակէք առաջնորդել Քրիստոսի բանաւոր հօտը ի բարին եւ ի խաղաղութիւն», նշած էր առաջնորդ սրբազանը: