ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ», «Արցախփրէս».- 17 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 14րդ նիստը՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի համանախագահութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աշոտ Ղուլեան՝ կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը: Ըստ անոր՝ տուեալ ժամանակաշրջանին գումարուած են մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստեր, տեղի ունեցած են նաեւ զանազան ձեւաչափերով հանդիպումներ: Ղուլեան առանձնացուց Արցախի Ընտրական օրէնսգիրքին ընդունման ընթացքին քննարկումներուն մասնակցելու, օրէնսդրութեան կատարելագործման տեսանկիւնէն մասնագիտական օժանդակութիւն եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու Հայաստանի՝ իրենց գործընկերներուն պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու խորհրդարաններուն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու յանձնաժողովներուն միջեւ ստորագրուած նոր յուշագիրը:
Ա. Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին եւ բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք իրենց աշխատանքին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են Արցախին՝ միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին բարձրաձայնելէ մինչեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարանականներ Արցախ հրաւիրելով եւ անոնց ընկերակցելով:
Իր հերթին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ յանձնաժողովը, ըստ էութեան, պաշտօնական կարեւորագոյն խողովակն է, որմով կը դրսեւորուի երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններուն համագործակցութիւնը: Ըստ անոր՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին համար առաջնային նպատակ է տարբեր հարթակներու վրայ խօսիլ ինքնորոշման իրաւունքին մասին եւ պաշտպանել ազգային շահերը. ան անդրադարձաւ այս բոլորը իրականացնելու նպատակով դիմուած միջոցներուն։
Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ այս տարի արդէն երկու նիստ գումարած են, իսկ յանձնաժողովի նիստը լաւագոյն պատրուակն է անգամ մը եւս Արցախ այցելելու:
Խօսելով յառաջիկայ տարի Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասին՝ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ ազատ եւ մրցակցային ընտրութիւններու կազմակերպումը այլընտրանք չունի:
Պատասխանելով «Ապառաժ»ի հարցումին՝ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները, Հայաստանի մէջ նախորդ տարիներուն տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հետ բաղդատած՝ պէտք է հաստատել, եւ միշտ արձանագրուած է, որ անցած են բաւական ժողովրդավար եւ մրցակցային մթնոլորտի մէջ։
«Այնուհանդերձ մենք չենք կարող բացառել, որ Հայաստանում ընտրութիւնների հետ կապուած ընկալումը, մշակոյթն իր ազդեցութիւնն է ունեցել նաեւ Արցախեան ընտրութիւնների վրայ: Մեր երկու հանրապետութիւնները այնպիսի տեսանելի եւ անտեսանելի կապերով են իրար փոխկապակցուած, որ մի տեղ առկայ որեւէ մշակոյթ, անպայման իր ազդեցութիւնն ունենում է միւս տեղում, եթէ ոչ ամբողջութեամբ կրկօրինակւում, ապա ազդեցութիւն առնուազն ունենում է», յայտնեց Արարատ Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ հայկական միջավայրին մէջ ընտրութիւնները այլեւս երբեք պէտք չէ կեղծուին, որովհետեւ «կեղծուած ընտրութիւնների, ընտրութիւնների վրայ ապօրինի ազդեցութիւններ գործելը ծնում է արատաւոր զանազան երեւոյթների մի ամբողջ շղթայ, որի էջը պէտք է համարել փակուած»։
«Այո՛, Արցախում ընտրութիւնները համեմատաբար ազատ են եղել: Բայց խօսքն այս տարբերակման մասին չէ, մենք որպէս ազգ, որպէս հանրութիւն պէտք է հասկանանք, որ զարգացման այլ աստիճանի վրայ կարող ենք կանգնել, եթէ որդեգրենք աւելի ժողովրդավար խաղի կանոններ, համակեցութեան նորմեր», ըսաւ ան։
Համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստի օրակարգին վրայ երկու հարցեր ներառուած էին՝ Արցախի հակամարտութեան շուրջ խօսակցութիւնը տարբեր հարթակներու վրայ եւ Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին Հայաստանի օրէնքի նախագիծի ընդհանուր ռազմավարութեան եւ աշխատանքային տարբերակի դրոյթներու մասին:
Օրակարգային առաջին հարցին վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Հայաստանի ԳԱԱ թղթակից անդամ, «Քաղաքական հետազօտութիւններու ակադեմիա»ի ղեկավար Ալեքսանդր Մանասեան, իսկ երկրորդին վերաբերեալ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, Սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Յովհաննէս Յովհաննիսեան:
Նիստին մասնակցողները միտքեր փոխանակեցին միջխորհրդարանական յանձնաժողովի յետագայ կատարելիքներուն մասին։