ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, 2018ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարողներուն 2000էն 6000 տոլարի միջեւ դրամաշնորհներ պիտի տրամադրուին:
Դիմումնագիրները քննելէ ետք, 9 երկիրներէ 23 ուսումնասիրութիւններու առաջարկներ ընդունուած են դատակազմին կողմէ։
Առաւել քան 70,000 տոլար պիտի յատկացուի նշեալ 23 մտաւորականներուն։
Հայագիտական հիմնարկի վարիչ Սալբի Ղազարեան յոյժ կարեւոր կը նկատէ բաղդական եւ վերլուծական ուսումնասիրութիւններու ջատագովումը. այս պատճառով է, որ հիմնարկը տարիներէ ի վեր այպիսի միջոցառումներու կը նախաձեռնէ։
Յիշեցնենք, որ այս երրորդ անգամն է, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին Հայագիտականը այսպիսի դրամաշնորհներ կը տրամադրէ։ Նախորդ երկուքին նիւթերն էին՝ Արցախի տագնապը եւ յետ-խորհրդային Հայաստանի կացութիւնը։ Այս վերջինին շնորիւ կատարուած 24 ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ 2017ին, Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ նաեւ գիտաժողովներ տեղի ունեցան։