Թրքական ընդդիմադիր թերթերը կը գրեն, որ նախագահ Էրտողանի կուսակցութիւնը վերջին գրեթէ վեց ամիսներուն ընթացքին առաւել քան 114,000 անդամ կորսնցուցած է։ Հակառակ պատկերը կայ խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն՝ Հանրապետական ժողովրդային եւ «Լաւ» կուսակցութիւններուն մօտ, որոնց շարքերուն միացած են յաջորդաբար՝ 41,000 եւ 36,000 նոր անդամներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.