ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆոնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիսթի Սմիթի ընտրապայքարին։ Ան թեկնածու է նահանգին 25րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն։
Հայ Դատի որոշումը հիմնուած էր Սմիթի հետ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին արդիւնքներուն վրայ։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Հայ Դատի Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, որովհետեւ մասնաճիւղը կ՛իյնայ 25րդ ընտրատարածքին մէջ։
«Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ամերիկահայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Թուրքիայէն նահանգին ներդրումները ետ քաշելու ջանքերը, հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայաստանին յաւելեալ ամերիկան աջակցութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, աւելցնելով, որ Սմիթ շնորհաւորած է Քոնկրեսի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Նշենք, որ 2018էն ի վեր Սմիթ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ նահանգին 38րդ ընտրատարածքը։
Հայ Դատի Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ Քրիս Քէօսեան կը յայտնէ, թէ Սմիթ իր քաղաքական կեանքին ընթացքին նեցուկ կանգնած է համայնքին հայութեան, աւելցնելով, որ ան խոստացած է սերտ գործակցութիւնը շարունակել Հայ Դատին հետ։