ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համայնքի աւելի մեծ թիւով անդամներուն հասանելի դառնալու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէն որոշած է Կիրակի, Յունուար 26ին, ՀՅԴի հիմնադրութեան 129ամեակին նուիրուած ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութիւնը ուղղակի սփռել երեկոյեան ժամը 6-7ի միջեւ, Լոս Անճելըսի հայկական պատկերասփիւռի կայաններուն եւ շրջանի ՀՅԴի, «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի համացանցային կայքերուն միջոցաւ։
«Մեր նպատակն է լաւապէս օգտագործել մեզի ընձեռնուած հաղորդակցութեան նորագոյն կարելիութիւնները, համայնքին առաւելագոյն մասնակցութիւնը ապահովելու համար։ Այս միջոցաւ ժողովուրդը մօտէն պիտի ծանօթանայ մեր գործունէութեան տարբեր երեսներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան։
Այս տարուան տօնակատարութեան ընդհանուր խորագիրն է՝ «Հայրենիքին համար, ժողովուրդին հետ», եւ անոր ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին անցեալ տարուան ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴին յատկանշական իրագործումները շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները հզօրացնելու ջանքերուն։
Պատկերասփռումը տեղի պիտի ունենայ «Հորիզոն», «ARTN-Shant» եւ «USArmenia» կայաններէն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի, «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի կայքերուն միջոցաւ։