ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ «Հայաստանի պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողների կեանքին կամ առողջութեանը պատճառուած վնասների հատուցման մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն, ըստ որոնց, զինուորներու կեանքին կամ առողջութեան հասած վնասներու հատուցման դէպքերուն շարքին պիտի ներառուի նաեւ հակառակորդի նախայարձակ գործողութեան իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցած դէպքերը:
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ զինուած ուժերու գործունէութեան ընթացքին եղած են դէպքեր, երբ հակառակորդին կողմէ զինուորներու կեանքին կամ առողջութեան վնաս հասած է այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ տեղի չեն ունեցած անմիջական մարտական գործողութիւններ կամ զինուորները չեն գտնուած մարտական հերթապահութեան մէջ կամ չեն կատարած յատուկ առաջադրանք, այլ՝ հակառակորդին կողմէ նախաձեռնուած ներթափանցման-հետախուզական փորձի ատեն։ «2008 թուականից սկսած հակառակորդի նախայարձակ գործողութեան հետեւանքով թուով 10 զինծառայողների կեանքին կամ առողջութեանը պատճառուել է վնաս: Նման դէպքերում զինծառայողի կարգավիճակը սահմանուել է որպէս ծառայողական պարտականութիւնների կատարման շրջանակներում տեղի ունեցած դէպք, ինչը սակայն, ըստ էութեան, չի բնորոշում համապատասխան դէպքի իրական հանգամանքը եւ սոցիալական պաշտպանուածութեան առումով չի ապահովում որոշակիօրէն համարժէք վիճակ», նշեց նախարարը։
Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի՝ այս օրէնքով կը լուծուի անարդարութիւնը: «Հոգաբարձուների խորհուրդը համապատասխան որոշում կը կայացնի եւ կը տարածի կարգաւորումը մինչեւ 1998 թուականը ընկած դէպքերի վրայ», պարզաբանեց ան։