ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 25 Դեկտեմբերին, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ստեփանակերտի քաղաքային համայնքի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեանի հետ:
Հանդիպման առանցքը հանդիսացան խմբակցութեան անդամներուն մտահոգութիւնները՝ մայրաքաղաքի հարցերուն վերաբերեալ: Պատգամաւորները բարձրացուցին Ստեփանակերտի որոշ փողոցներու անուանափոխութեան անհրաժեշտութեան, բարեկարգման, համայնքին մէջ հողատարածքներու յատկացման եւ շարք մը այլ հարցեր:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էր նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան հարցը: Ներկայացուեցան Հայաստանի հետ փորձառութեան փոխանակման առաջարկներ: