ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ և ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏ-ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդած «Իմ Քայլ»ական իշխանութիւնները որքանո՞վ յաջողեցան ժողովրդային զօրաշարժով ծնունդ առած յոյսերու իրականացման ընթացք տալ 2019ի ընթացքին:
Այս հարցումին պատասխան մը բանաձեւելու համար անհրաժեշտ է յետադարձ ակնարկով մը արագօրէն վերլուծել յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան զարգացումները, որոնք երկու տարբեր հանգրուաններով ի վերջոյ յանգեցան «Իմ Քայլ»ական կառավարութեան կազմութեան:
Այսպէս, Ապրիլ 2018ի ժողովրդային աննախընթաց զօրաշարժով իրականացած խաղաղ իշխանափոխութեան յաջորդեց գրեթէ վեցամսեայ յուսալից ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին համակարգային փոփոխութիւնը, որ յեղափոխութիւնը առաջադրած էր, հայրենի իրականութեան մէջ գործող քաղաքական ուժերու միջեւ համընդհանուր համաձայնութեամբ մը իրականութեան վերածելու սպասումը շատ իրական էր: Փաստօրէն, կ՛ամրագրուէր սահմանադրական փոփոխութեամբ գործելու սկսած խորհրդարանական վարչակարգը որ, սկզբունքով, շատ աւելի ապակեդրոն, մասնակցական ու համախոհական քաղաքական հոլովոյթ մը կը խոստանար նախկին նախագահական համակարգը յատկանշած շեշտադրուած իշխանութեան կեդրոնացումէն յետոյ: Աւելի՛ն, թաւշեայ յեղափոխութիւնը թերեւս միակ միջոցն էր, որ նորածին խորհրդարանական վարչակարգը չվարկազրկուէր՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետականի իշխանութեան վրայ յարատեւելու միջոցի վերածուելով: Ժողովուրդը մերժած էր իշխանակարգ մը, որ շարքային քաղաքացիին կենսամակարդակի բարելաւման ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէր այլեւս, ընդհակառակը, վերածուած էր երկրի հարստութիւնը իրենց ձեռքին մէջ կեդրոնացուցած օլիկարգներու տիրապետութեան շարունակման երաշխիքի: Միաժամանակ, Սերժ Սարգսեանի իշխանութենէն կամովին հրաժարելու որոշումը, ազգային գիտակցութեան փաստը տուող ժեսթ մը, հանրապետականներուն եւ իրենց դաշնակիցներուն առողջ ինքնաքննադատութեան ճամբով իրենց վերանորոգելու որպէս քաղաքական այլընտրանք: Մէկ խօսքով՝ Ապրիլ 2018ին ստեղծուած էր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան որակական նոր ոստում մը տալու բացառիկ առիթ մը:
Այդ մէկը պիտի ըլլար յետ-իշխանափոխութիւն հաստատուած միասնական կառավարութեան անմիջական ղեկավարութեամբ եւ խորհրդարանէն ներս առաջ տարուող բանակցութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ մշտական հաղորդակցութեանց ճամբով՝ ազգային համաձայնութեան մը առաջացումով: Համաձայնութիւն՝ քաղաքական ընդհանուր սկզ-բունքներու, նպատակներու եւ, ընդհանրապէս, յստակ կերպով սահմանուած ազգային շահերու շուրջ, որմէ յետոյ անհրաժեշտաբար տեղի պիտի ունենային արտասովոր խորհրդարանական ընտրութիւններ: Նման նախանձախնդրութիւն պատեհութիւն պիտի ստեղծէր, որ Հայաստանէն ներս կայանար կուսակցական համակարգը եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւններն ու ազգային ճակատագրի աշխարհահայեացքները ամրագրուէին յստակ հասցէներով, եւ ընտրական համակարգի օրէնքներով մրցակցէին իշխանութեան հասնելու համար:
Այս իտէալական գործընթացը իր լրումին չհասաւ սակայն: Իշխանութիւնը ամբողջականօրէն վերցնելու անհամբեր թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ քաղաքական ուժը որոշեց իր ղեկավարի լայն ժողովրդականութեան օրինականութիւնը օգտագործել՝ համակարգային փոփոխութիւնը բացառաբար սինաթրայական My Way-ով առաջ տանելու: Արդիւնքով՝ արտասովոր խորհրդարանական ընտրութիւնները առաջացան, սպասելիօրէն թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավար քաղաքական ուժը վերածուեցաւ խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութեան, ընդդիմութեան տեղը գրաւեցին քաղաքական-գաղափարախօսական առումով իշխող ուժէն ոչ այնքան տարբեր եւ կամ ալ ընդհանրապէս գաղափարներու մասին շատ գաղափար չունեցող, անոնց շատ կարեւորութիւն չտուող քաղաքական ուժեր, ինչ որ Ազգային ժողովի որպէս օրէնսդիր իշխանութիւն Գործադիրի վրայ հակակշիռը չէզոքացուց եւ խորհրդարանական բանավէճի մակարդակն ու կարեւորութիւնը նուազեցուց: Փաստօրէն, կառավարութեան եւ ոչ մէկ ծրագիր անցնող տարուան ընթացքին խորհրդարանին կողմէ կասեցուեցաւ: Կացութիւնը նոյնն էր, ինչպէս անցնող երկու տասնամեակներուն, այն տարբերութեամբ, որ այն տարիներուն Ազգային ժողովէն ներս փոքրամասնական ընդդիմութեան ձայնը լսելի դարձնող պատգամաւորներ կային, որոնցմէ մէկը նոյն ինքն Նիկոլ Փաշինեանն էր: Մէկ խօսքով, արտասովոր խորհրդարանական ընտրութիւններով իշխանութեան հասած «Իմ Քայլ»ական ուժը քաղաքական մենատիրութեան (political hegemony) դիրք գրաւեց:
Թաւշեայ յեղափոխութեան երեւոյթն ինքնին կը խօսի հայրենի հասարակութեան մէջ համակարգային փոփոխութիւններու պահանջին մասին: Համակարգային փոփոխութիւն՝ որուն արդիւնքով պիտի բարելաւուի շարքային քաղաքացիի կենսամակարդակը, պիտի վերցուին իշխանաւորներու թէ օլիկարգներու մենաշնորհները, որով եւ, կ՛ենթադրուի, հարստութեան աւելի արդար բաժանում տեղի պիտի ունենայ, պիտի հաստատուին ընկերային աւելի արդար կարգեր:
Այս իմաստով, ժողովուրդը մեծ սպասումներ ունի «Իմ Քայլ»ական կառավարութենէն: ԱՄՆի Հանրապետական միջազգային հիմնարկի (International Republican Institute -IRI) Հոկտեմբեր 2019ին կատարած եւ Դեկտեմբերի սկիզբը հրապարակած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդին 66 տոկոսը համոզուած է, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնէ փտածութեան դէմ պայքարելու համար, իսկ 70 տոկոսը համոզուած է, որ ցարդ առնուած քայլերը ազդեցիկ եղած են: Ժողովուրդին մօտ բարձր է նաեւ երկրի ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւնը (70 տոկոս) եւ անոր 62 տոկոսը կը հաւատայ, որ երկիրը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Սպասելիօրէն, հետեւաբար, վարչապետի գրասենեակի թէ Ազգային ժողովի աշխատանքները բարձր գնահատման կ՛արժանանան հանրային կարծիքին կողմէ՝ 76 տոկոս առաջին պարագային եւ 63՝ երկրորդին: Փտածութեան դէմ պայքարի մէջ ալ կառավարութիւնը, ըստ հայրենի հանրային կարծիքին, ճիշդ ընթացքի մէջ է (66 տոկոս), իսկ 70 տոկոսը կը հաւատայ, որ փտածութեան դէմ պայքարը արդիւնաւէտ եղած է: Միեւնոյն ժամանակ սակայն, ժողովուրդին առաջնահերթային սպասումները յստակօրէն կենսամակարդակի բարելաւման պահանջը բացայայտ կը դաձնեն. 38 տոկոսը աշխատատեղիներու ստեղծումը կը նշէ, 29 տոկոսը՝ ընկերա-տնտեսական խնդիրներ, իսկ 27 տոկոսը կառավարութեան գլխաւոր ձախողութիւնը վարչական կառավարման ոլորտին մէջ կը տեսնէ: Այս թիւերը թոյլ կու տան համընդհանուր պատկեր մը ունենալու «Իմ Քայլ»ական կառավարութեան առաջին տարուան. իշխանութիւնները կը վայելեն ժողովուրդի լայն խաւին վստահութիւնը, սակայն իրենցմէ կը սպասուի ընկերա-տնտեսական պայմաններու բարելաւում: Ինչ որ կրնայ բանաձեւուիլ որպէս «համակարգային փոփոխութիւն», այսինքն՝ հարստութեան աւելի արդար բաժանումը երաշխաւորող, հարստութեան խիստ կեդրոնացումը բացառող, շարքային քաղաքացիներու պահանջներու (առողջապահութիւն, ուսում, աշխատանքային ապահովութիւն…) բաւարարութիւն տուող պետական-հասարակական կառոյցներու եւ մեքանիզմներու առաջացումը որպէս նպատակ ունեցող քաղաքականութեան որդեգրում:
Կա՞յ նման հեռանկար:
Այս հարցումին պատասխանելու փորձը կ՛ենթադրէ երկու յստակացում:
Առաջին, որեւէ հասարակական երեւոյթի մասին կատարուած հանրային հարցախոյզ, եւ ի մտի պիտի ունենալ գիտական մեթոտի վրայ հիմնուած եւ հարցումներու բանաձեւման մէջ առաւելագոյն չէզոքութիւնը պահելու ճիգով յատկանշուած հարցախոյզերը, այդ երեւոյթին բացարձակ ճշմարտութեան արտայայտութիւնը չէ: Հանրային հարցախոյզերը իրենք սխալականութեան բաց մը միշտ ունին եւ պարտին յայտարարել իրենց մեթոտի բացատրութեան մէջ: Բայց միայն հանրային հարցախոյզերն են որ հասարակական տուեալ երեւոյթին կարելի եղածին չափ առարկայական պատկերացում մը կու տան: Ինչ որ, իր կարգին, առիթ կը ստեղծէ երեւոյթի զարգացման մասին աւելի ճշգրիտ վերլուծում կատարելու եւ ըստ այնմ դիրքորոշուելու: Անհրաժեշտ է նաեւ գիտակցիլ, որ հասարակական երեւոյթները զարգացում կ՛ապրին, եւ ուրեմն որեւէ հարցախոյզի տուեալները միայն ժամանակաւոր կրնան ըլլալ:
Երկրորդ, հասարակական երեւոյթի մը զարգացման ընթացքի մասին որեւէ վերլուծական եզրայանգում, թէկուզ եւ կատարուած ըլլայ հանրային հարցախոյզի ամենաառարկայական տուեալներու հիման վրայ, առաւել կամ նուազ չափով պիտի բխի վերլուծողի գաղափարախօսական թէ աշխահահայեացքային ենթահողէն եւ արժէքային համակարգէն:
Հիմնուած հայրենի հանրային կարծիքի մասին ցարդ առկայ այս միակ հարցախոյզի պարզած արդիւնքին վրայ, սոցիալական արդարութեան յանձնառու եւ գաղափարախօսականօրէն կեդրոն՝ Ձախ տեսանկիւնէն, «Իմ Քայլ»ական կառավարութեան նախաձեռնած համակարգային փոփոխութիւնները կը պարզեն տարբեր երկիրներու մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող կեդրոն՝ Աջ ուժերու յատուկ քաղաքական վարքագիծ մը: Ընդ որում, համակարգային փոփոխութեան ճամբով աւելի արդար կարգերու հաստատման առաջնահերթային ախտաճանաչումը ոչ թէ հարստութեան բաժանման անհաւասարութիւնն է, այլ՝ փտածութիւնը, որուն վերացման պարագային, ինչպէս կը հաւատան, շուկայական ազատականութիւնը պիտի ձերբազատուի իր հիմնական կաշկանդումէն եւ հարստութեան ստեղծումն ու վերաբաշխումը պիտի բնականոնանան ըստ տնտեսական ազատականութեան դասական տեսութիւններուն: «Իմ Քայլ»ական կառավարութեան առած առաջին քայլերը տնտեսական ոլորտին մէջ, յատկապէս հարկային համահարթման օրէնքը, հարազատ արտացոլացումն են նէօլիպերալ (նոր ազատական-Խմբ.) քաղաքականութեան, մինչ համակարգային փոփոխութեան համար հիմնական թիրախ ընտրուած է փտածութեան դէմ պայքարը:
Թէ փտածութիւնը հիմնախնդիր է Հայաստանի մէջ՝ կասկածէ դուրս է: Անոր մասին շատ խօսուած եւ ոչինչ եղած է անցնող քսանամեակին, երբ անկախութենէն յետոյ եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան անցումային ժամանակաշրջանի աւարտին երկրի տնտեսական նոր համակարգը հաստատուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ ամրագրուեցաւ Սերժ Սարգսեանի օրերուն: Աւելի՛ն, Քոչարեանի առաջին նախագահութեան ժամանակ գործելու սկսաւ նաեւ հակափտածութեան պետական մարմին մը, որ ինքնին բարացուցական էր, թէ ինչպէս պէտք է խօսիլ փտածութեան դէմ, սակայն ոչինչ ընել անոր դէմ պայքարելու համար… Հետեւաբար, «Իմ Քայլ»ա-կան կառավարութեան փտածութեան դէմ պայքարը ետ օրակարգի բերելու քաղաքական որոշումը ոչ միայն ճիշդ է, այլ հասկնալիօրէն կը վայելէ բարձր ժողովրդականութիւն, ինչպէս հարցախոյզին թիւերը ցոյց կու տան: Կը մնայ որ եթէ փտածութիւնը իւրայատուկ է օլիկարգային համակարգին, ապա եւ այդ համակարգի ծննդոցը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով տեղի ունեցած տնտեսութեան «շոքային» տարբերակի անցումն է՝ արագ եւ ոճրային ազատականացում եւ սեփականաշնորհում, ինչպէս տեղի ունեցաւ նախկին խորհրդային տարածքի գրեթէ ամբողջ երկիրներուն մէջ՝ յանգելով դրամագլուխի առաջին վայրագ կուտակման քիչերու ձեռքերուն մէջ: Եթէ իշխանութիւններու նախաձեռնած փտածութեան դէմ պայքարը հիմնուած ըլլար այս ախտաճանաչման վրայ, ապա եւ այն սեղանին վրայ պիտի դնէր հարստութեան աւելի արդար վերաբաշխումի եւ սոցիալական պաշտպանութեան մեքանիզմներու ստեղծման առաջնահերթային նպատակները: Անոր փոխարէն «Իմ Քայլ»ական իշխանութիւնները հակուած կը թուին ըլլալ անձերու թիրախաւորման քաղաքական գործընթացին, որ տեսականացած է որպէս Lawfare -«դատական պատերազմ»:
Յղացքը քաղաքագիտական գրականութեան մէջ յայտնուած է 1975ին, երբ երկու աւստրալիացի ակադեմականներ, Ճոն Գարլսըն (John Carlson) եւ Նէվիլ Թամըս Եոմընզ (Neville Thomas Yeomans) լոյս ընծայեցին իրենց աշխատասիրութիւնը՝ «Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Օրէնքը. Մարդկայնութի՞ւն, Թէ Բարբարոսութիւն» («Whither Goeth the Law – Humanity or Barbarity», The Way Out – Radical Alternatives in Australia (eds.) Smith, M. & Crossley, D., 1975. Melbourne: Lansdowne Press), ուր կը զգուշացնէին թէ ճշմարտութեան փնտռտուքը սկսած էր փոխարինուիլ դատարաններու մէջ տարուող իւրայատուկ «պատերազմ»ով մը: Աւելի ուշ, 2001ին, Չարլզ Ճէյ. Տանլափ կրտսեր (Charles J. Dunlap Jr.) յղացքը ուսումնասիրեց քաղաքական ոլորտին մէջ եւ զայն սահմանեց՝ «օրէնքի օգտագործումը որպէս զէնք»: Դատարանները որպէս ռազմադաշտ գործածելու եւ քաղաքական հարցերը դատականացնելու այս վարքագիծին ամէնէն աւելի Լատինական Ամերիկայի երկիրներու մէջ կարելի է հանդիպիլ ի դէմս 21րդ դարու առաջին տասնհինգ տարիներուն իշխանութեան վրայ գտնուող ձախ ուժերուն յաջորդած աջակողմեան կառավարութիւններու նախաձեռնած լայնամաշտապ դատական հետապնդումներուն երեւոյթին: Ձախակողմեան քաղաքական ժողովրդային ղեկավարները ամբաստանելով փտածութեամբ, աջակողմեան կառավարութիւններ նպատակադրած են ետքայլ կատարել սոցիալական այն նուաճումներէն, որոնք արձանագրուած են անցեալ քսանամեակին: Ամէնէն աչքառու եւ անարդար պարագան Պրազիլի՝ Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվայի դէմ բացուած դատական հետապնդումներուն պարագան է:
Հայաստանի մէջ տեղի ունենացածը բաղդատելի չէ Լատինական Ամերիկայի մէջ տիրող կացութեան, որովհետեւ օլիկարգային համակարգը ընկերային պաշտպանութեան իմաստով ոչ մէկ «նուաճում» արձանագրած է: Սակայն, փտածութեան դէմ պայքարը՝ փոխանակ անոր խորքային պատճառները իբրեւ թիրախ ունենալու Lawfare-ի տրամաբանութեամբ, թիրախ ունեցած է անձեր կամ կը սպառնայ թիրախ ունենալ անձեր եւ դատի տալ անոնց, այդ միջոցաւ եւ կարծես «չարիքի արմատ»ի անձնականացումով՝ հանրութեան կ՛ուզէ հաւատացնել, որ այդ ձեւով շարքային քաղաքացիին կենսամակարդակը պիտի բարելաւուի: Այս մէկը չի նշանակեր, որ արդարադատութիւնը ի վերջոյ վճիռ պիտի չ՛արձակէ փտածութեան միայն յանցագործութեամբ ամբաստանուածներուն հանդէպ, եթէ կան փաստեր: Բայց այդ մէկը անպայմանօրէն համակարգային փտածութեան վերացման երաշխիք չէ:
Հետեւաբար, թաւշեայ յեղափոխութիւնը համակարգային փոփոխութեամբ սոցիալական արդարութեան հաստատման միջոց ընկալող քաղաքական որեւէ ուժ, որ անհրաժեշտաբար գաղափարախօսականօրէն պիտի տեղադրուի կեդրոն-ձախ այլընտրանքին մէջ, չի կրնար ժխտել «Իմ Քայլ»ական կառավարութեան դեռեւս լայն ժողովրդականութիւնը, որ կը բացառէ «յեղափոխութեան մէջ յեղափոխութիւն» մը, ինչպէս Չէ Կէվարայի պայքարի ընկերը՝ ֆրանսացի մտաւորական Ռէժի Տըպրէի (Regis Debray) 1967ի գրութիւնը խորագրուած է: Նշենք, որ Տըպրէ այդ գրութեամբ կը թելադրէր Կէվարայի «Ֆոքօ»ի տեսութեան վրայ հիմնուած յեղափոխական զինեալ պայքարը տարածել Լատին-ամերիկեան ցամաքամասի տարածքին առանց շատ մտահոգուելու նախ յեղափոխութեան համար ժողովրդական լայն զօրակցութեան ապահովումով: Վստահ, որ պատմութեան ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուին, Կէվարա եւ Տըպրէ կը հաւատային, որ փոքրաթիւ կերիլլայական խումբ մը կարողութիւնը ունի իր պայքարի օրինակով եւ իտէալներու ուժով իր ետեւէն տանելու ժողովրդային լայն զանգուածները, ինչպէս պատահած էր Քուպայի մէջ 1959ին: Ծանօթ է, որ նոյն այդ տարին, Պոլիվիայի մէջ, Կէվարա բռնուեցաւ եւ սպաննուեցաւ զինուորականներուն կողմէ, իսկ Տըպրէ, ֆրանսացի քաղաքացի, բանտարկուած մնալէ յետոյ քանի մը տարի, 1971ին ազատ արձակուեցաւ շնորհիւ արտաքին միջամտութեան: Յեղափոխութիւնը կամ համակարգային փոփոխութիւնը առանց ժողովրդական լայն զօրակցութեան կը յաջողի լաւագոյն պարագային միայն որպէս բացառութիւն: Այս մէկը շատ աւելի ճիշդ է, երբ համակարգային փոփոխութեան յեղափոխումը կը մտածուի ոչ-բռնի պայքարին միջոցաւ:
«Իմ Քայլ»ական կառավարութեան ժողովրդականութեան փաստը սակայն չի նշանակեր, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը սոցիալական արդարութեան հաստատման միջոց ընկալած քաղաքական ուժերը անտեսեն իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ համակարգային փոփոխութեան վերաճումը Lawfare-ի՝ փտածութեան դէմ պայքարի արդարացում-պատճառաբանութեամբ: Պայքարի միակ միջոցը քաղաքական այս ուժերուն համար արտախորհրդարանական ընդդիմութեան դաշտի ստեղծումն է՝ ժողովրդային խաւերու հետզհետէ աւելի լայն ընդգրկումով: Յաջողելու համար, սակայն, կեդրոն-ձախ ուժերը անհրաժեշտ է որ նախ կարենան համախմբուիլ զօրաշարժի բազմերես բայց համադրուած օրակարգի մը շուրջ: Ապա նաեւ գիտնան կեդրոնանալ ժողովուրդէն եկող հիմնական պահանջին՝ շարքային քաղաքացիին սոցիալ տնտեսական պայմաններու բարելաւման վրայ, իրենց ուշադրութիւնը չցրուեն, ոչ ալ ուժերնին վատնեն այսպէս կոչուած «մշակութային պատերազմներ»ով, որոնք, անկախ իրենց բովանդակութենէն, սոցիալական արդարութիւնը հաստատելու կոչուած համակարգային փոփոխութիւնը յետաձգելու կամ օրակարգէ դուրս բերելու այլ միջոց մը կրնան ըլլալ իշխանութիւններուն համար:
GROUP SERVICES
BUSINESS & TAX MANAGEMENT
OVER FORTY YEARS OF EXPERIENCE
Կարէն Բէնեասեանս, եւ իր Հաշուապահական
գրասենեակի անձնակազմը՝ Անահիտ Զաքարեան, եւ Գրեթա Քովաքեան
Կը շնորհաւորեն համայն հայութեան
Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը
805 E. BROADWAY SUITE #D GLENDALE, CA 91205
Tel: (818) 247-2400 Fax: (818) 247-0216
ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութիւն
ՀԵԴ« Սարդարապատ» Ուխտ
ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Պատանեկան Միութիւն
ՀՅԴ «Արաբօ» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ
Էնսինոյի Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն
Լաւագոյն Մաղթանքներով Կը Շնորհաւորեն
Շրջանի Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը