Տարի մը եւս հասցուցինք աւարտին եւ սովորոյթի կամ աւանդութեան կարգով՝ պէտք է ըսել, որ արդէն պահն է ընթացիկ տարուան մէջ մեր կատարած գործին, տարած աշխատանքին եւ արձանագրած ձեռքբերումներուն ընդհանուր գնահատումի լոյսին տակ՝ ուղեգծելու մեր ընելիքը 2020ին, եւ, ինչու չէ, անկէ անդին:
Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Ամերիկայի մեր համայնքի տարեգրութեան մէջ, 2019ը իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ անկասկած՝ իբրեւ քաղաքական նշանակալի իրագործումներու տարի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի պայքարի ուղիին վրայ արձանագրուած զոյգ յաղթանակներով: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ, ապա Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ամրագրող թիւ 296 եւ թիւ 150 բանաձեւերուն՝ յաջորդաբար ընդունումը քաղաքական մեծակշիռ յաղթանակներ են անտարակոյս: Այս յաղթանակները արգասիքն են «յարատեւ պայքար… ահա թէ ուր է մեր փրկութեան բանալին» Քրիստափորի պատգամով տոգորուած սերունդներու անդուլ աշխատանքին: Տարիներու, այլեւ տասնամեակներու բովով ձուլուած քաղաքական կամքի եւ կազմակերպական ամրութեան ու կորովի արդիւնքով ձերք բերուած յաղթանակներ են ասոնք, որոնց արժանաւոր կերտիչի վարկանիշը ամէնէն առաջ կ՛երթայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու համայն ընտանիքին:
Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ քաղաքական ինքնուրոյն նուաճումի հպարտալի այս պահը հաւաքաբար կ՛ապրինք այսօր, միաժամանակ սակայն, զգաստ ըլլալով այս յաղթանակի գինովութեամբ տարուելու փորձութենէն: Բնաւ պէտք չէ տարակուսիլ, որ ուրացման վարքագիծը շարունակող թրքական իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը պիտի գայ ուշ կամ կանուխ: Պիտի գայ թաքուն կամ բացայայտ: Պիտի գայ Արցախի վրայ կամ Հայաստանի, պիտի գայ Եւրոպայի մէջ կամ այլուր, պիտի գայ քաղաքական տարբեր շրջածիրերու մէջ, պիտի գայ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ: Բնաւ պէտք չէ ապրիլ խաբկանքը որ այսուհետեւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:
Քաղաքական այս իրատեսութեամբ պէտք է դիմաւորել մեր նոր տարին, ինչ որ անպայմանօրէն կ՛ենթադրէ հաւաքական եւ կազմակերպական ուժերու յաւելեալ լարում, յաւելեալ լրջախոհութիւն ու զգաստութիւն՝ ոչ միայն դեմ դնելու համար թրքական իշխանութիւններէն գալիք հակազդեցութեանց, այլեւ Հայ Դատի քաղաքական գործունէութեան ու պայքարի նոր ասպարէզներ ստեղծելու մտադրումով: Պահն է որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին, մեր ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու արդարահատուցման տեսլականը քաղաքական-դիւանագիտական եւ իրաւական գործնական հաստատ քայլերով յառաջ տարուի: Ինչ խօսք, որ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պարագային, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու արդարահատուցման տեսլականի իրագործումը նոյնպէս՝ համապարփակ ծրագրումի, ռազմավարութեան մշակումի եւ երկար շունչով աշխատանքի կը կարօտի:
Միւս կողմէ, մոռացութեան պէտք չէ մատնել մեր համայնքին եւ այս շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբերուն ճիգերով իրագործուած Հայաստան-Քալիֆորնիա տնտեսական-մշակութային համագործակցութեան համաձայնագիրը: Մեր բոլորին յանձնառութիւնն է՝ այս համաձայնագիրը վերածել կենսագործ եւ մեր հայրենիքին համար արդիւնաւէտ փաստաթուղթի:
Անշուշտ, Արեւմտեան Ամերիկայի այս շրջանը շատ աւելին ունի ընելիք եւ ըսելիք Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու աւելի ընդարձակ շրջածիրին մէջ: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 2018ի մայիսեան ժողովրդային շարժումով հայրենի հայութեան ազատութեան կենսագործման ընթացքը իր հունին մէջ պահելու, յեղափոխութեան բարձրացուցած արժէքները իրականացնելու յանձնառութիւնը նաեւ մեր բոլորին ուսերուն վրայ է: Մեզի՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով ապրող իւրաքանչիւրիս համար, հայրենի ժողովուրդի ազատութեան տենչանքը քաղաքական եւ գաղափարական բացարձակ արժէք է, իսկ զայն հայրենիքի մէջ կենսունակօրէն արմատաւորելու եւ դէպի անցեալ ետ նահանջի ուղիները վերջնականպէս փակելու մեր քաղաքականօրէն յանձնառու կեցուածքը սկզբունքային առաջնահերթութիւն է եւ ենթակայ չէ որեւէ քաղաքական սակարկութիւններու:
Նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ ալ նախանձանխնդիր ենք որ հայրենի ներկայ իշխանութիւնները չընկրկին եւ ժողովրդային շարժումով առաջադրուած համակարգային խորքային բարեկարգումները բոլոր ոլորտներուն մէջ իրականացուին առանց յապաղումի:
Ահա՛ այսպիս յանձնառութիւններով պէտք է սկսիլ մեր նոր տարին՝ գործելով մի՛շտ մեր ձեռքը պահելով ժողովուրդի բազկերակին վրայ, թէ՛ Սփիւռքի եւ յատկապէս հայրենիքի մէջ:
Ամանորի, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով,
կը շնորհաւորենք հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները,
ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի
Կը մաղթենք, որ 2020ը ըլլայ խաղաղութեամբ
եւ համերաշխութեամբ լի տարի մը,
մեր հաւաքական եւ ընտանեկան յարկերը ջերմանան
Ս. Ծննդեան խորհուրդով,
մեր հայրենիքը ապրի նորանոր բարգաւաճում,
ու ազգային պահանջատիրական մեր երթը
արաձանագրէ նոր նուաճումներ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ
Կրօնական Ժողով եւ Ազգային Վարչութիւն
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Դեկտեմբեր 2019
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Նորանոր Յաղթանակներ Մաղթելով
Հայ Դատի Հետապնդման Ճանապարհին