ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի, Կլենտէյլ-Փասատինայի, Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերուն եւ «Ապրիլ» գրատան, Ուրբաթ, 17 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ գրական երեկոյ մը՝ նուիրուած գրականագէտ եւ հրապարակագիր Երուանդ Ազատեանի։
Պիտի ներկայացուին 2018-19ին լոյս տեսած անոր զոյգ հատորները՝ «Ժամանակի Եւ Ժամանակակիցներու Հետ» եւ «Էջեր Կորուսեալ Եւ Անկորուստ»։
Բանախօսներներն են՝ Լեւոն Բարսեղեան (Գիւմրիի լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի հիմնադիր նախագահ, գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ) եւ գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին Սուրէն Մկրտչեան (թենոր) եւ Արմինէ Ղազարեան (դաշնամուր)։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205)։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։