ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Յովսէփեան վարժարանի 2րդ դասարանի երկու աշակերտներ՝ Էլիզապէթ Եագուպեան եւ Քլոյի Օհանեան, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով խնդրած են իրենց բարեկամներէն, որ իրենց տարեդարձներուն տրուելիք նուէրներուն փոխարէն նուիրատուութիւն կատարեն Operation Smile բարսիրական կազմակերպութեան, որ աշխարհի տարածքին ձրի վիրաբուժութիւններ կը կատարէ ճեղքուած շրթունքներ եւ բերաններ ունեցող կարիքաւոր երեխաներու։
Էլիզապէթը եւ Քլոյին այս միջոցաւ ցարդ կրցած են հաւաքել առաւել քան 4000 տոլար գումար մը, որուն շնորհիւ 16 վիրաբուժութիւններ կարելի է իրականացնել։