ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, 22 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, դասական երաժշտութեան իւրայատուկ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ, ի նպաստ Հայաստան հաստատուած «Մեր Յոյս» բարեսիրական կազմակերպութեան։
Ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահար Մայքըլ Գրիգորեան, ջութակահար Արմէն Տէր Գէորգեան եւ թաւ ջութակահար Գարիկ Թէրզեան։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ երգիչներ Լորըն Մովսէսեան, Քոլեթ Քամփթըն եւ Քլարիս Քամփթըն, ընկերակցութեամբ Տերիք Լոյի։
«Մեր Յոյս» կազմակերպութիւնը ձեռք կ՛երկարէ հայաստանաբնակ որբ աղջիկներուն, որոնք 18 տարին ամբողջացնելէ ետք, որբանոցներէ դուրս գալով եւ աշխարհի թոհուբոհին մէջ մտնելով՝ տնանկ եւ անգործ վիճակի մէջ գտնուած են: Չքաւոր ընտանիքներու, անապահով եւ կարիքաւոր աղջիկներ եւս ներառնուած են այս ծրագիրին մէջ: «Մեր Յոյս»ը վերջիններուս ոչ միայն տունով կ՛ապահովէ, այլ նաեւ կ՛օգնէ անոնց՝ մասնագիտութիւն ձեռք բերելու եւ արուեստ սորվելու, որպէսզի կարենան հասարակութեան լիիրաւ անդամներ դառնալով: Կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2008ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, Ատրիէն Գրիգորեանի կողմէ: Կազմակերպութիւնը կը գործէ Ս. Էջմիածինի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հովանիին տակ:
Համերգին մասնակցութեան սակը 25 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 10 տոլար: Տոմսեր ապահովելու համար կարելի է դիմել համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ (559) 278-2669 թիւով։
Ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել P1 կանգառին մէջ (Շօ եւ Մէյփըլ թաղերու խաչմերուկին):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: