ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ունեցած հանդիպումին մասին։ Անիկա հրապարակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ։
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները վերահաստատեցին տագնապին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ լուծման գործընթացին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը:
«28-30 Յունուարին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) առանձին եւ միացեալ ձեւաչափով հանդիպումներ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։
Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք։
«Եռօրեայ արդիւնաւէտ քննարկումներուն ընթացքին ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին օրակարգային հետեւեալ հարցերը. 2019ին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ քննարկուած առաջարկներու իրականացումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ հնարաւոր յաջորդ քայլերը, ապագայ կարգաւորման հիմք հանդիսացող սկզբունքները եւ տարրերը, կարգաւորման գործընթացի յառաջմղման վերաբերող ժամանակացոյցը եւ օրակարգը:
«ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները վերահաստատեցին հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ կարգաւորման գործընթացին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան սկզբունքին հանդէպ իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը: Անոնք շեշտեցին արդար եւ մնայուն խաղաղութեան ձեռքբերման համար ստեղծագործ մօտեցման եւ փոխզիջման ոգիի անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան դարձեալ հանդիպում ունենալ մօտիկ ապագային՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ։