ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունելու վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան:
Թուրքիոյ նախագահը, հերթական անգամ փորձելով ցոյց տալ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Թուրքիան մեղադրողներուն պատմութիւնը նոյնպէս մաքուր չէ՝ ըսաւ. «Ալճերիա կատարած այցելութեանս ընթացքին նախագահը ինծի ըսաւ, որ Ֆրանսա կոտորածի ենթարկած է իր հայրենակիցներէն 5 միլիոն հոգի»:
Ապա Էրտողան, անգամ մը եւս նշելով, որ Անգարա պատրասատ է բանալու իր բոլոր արխիւները՝ ըսաւ. «Ֆրանսայի նախագահը այս բաները չի գիտեր. անոր պէտք է այս բոլորին մասին պատմենք»:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Մաքրոն մասնակցած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած տարեկան ընթրիքին, ուր իր ելոյթին ընթացքին յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Ֆրանսայի մէջ ազգային օր հռչակուելէն ետք, անոր ժխտումը քրէականացնելու ուղղութեամբ իրաւական աշխատանքները կը շարունակուին:
If any nation commited jenoside it d`nt mean that Turkey was in title to commit the Armenian Jenoside.
Mr.ERDOGAN COMMENT IS ONLY GOOD FOR RABBISH BIN.
Հայերենը հասկնալի Հայերենով գրելու փոխարէն դարց-դարցիկ մանոածապատ ոճ գործածելը տգիտութեան թէ զարգացումի արդիւնք է՞՞ Պարզությունը Գեղեցկություն է …էլի .