ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- 3 Փետրուարին, ԵՈՒՆԻՍԵՖը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը տեղի ունեցող զինեալ ընդհարումներուն հետեւանքով, անցեալ շաբաթուան ընթացքին, օրական միջին հաշիւով 6500 երեխաներ ստիպուած եղան փախչելու, Դեկտեմբերի սկիզբէն ի վեր այդ տարածքէն տեղահանուած երեխաներուն թիւը հասցնելով 300,000ի:
Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖին՝ շրջանին մէջ մօտաւորապէս 1.2 միլիոն երեխաներ խիստ կարիքը ունին սննդամթերքի, ջուրի, ինչպէս նաեւ դեղերու։ «Շատերը պարզապէս կ՛ապրին բաց երկինքի տակ՝ յորդառատ անձրեւներու եւ սաստիկ ցուրտ պայմաններու մէջ, ուր առողջապահական տարրական ծառայութիւնները կամ շատ սահմանափակ են, կամ գոյութիւն չունին», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ըլլայ՝ անյապաղ դադարեցնելու ռազմական գործողութիւնները։