ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Ուրբաթ, 31 Յունուարին, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային եւ Քեպեքի տեղական յանձնախումբերը ներկայացնող միացեալ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցան Գանատայի նորանշանակ ժառանգութեան նախարար Սթիւըն Կիլպոյի հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Շրջանային յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Արփի Պալուզեան եւ յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները նախարարին համապարփակ ձեւով ներկայացուցին Գանատահայութեան պատմութիւնը եւ Հայ Դատի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցան անոր հետ քննարկելու շարք մը կարեւոր հարցեր:
Քննարկման առարկայ դարձան Ցեղասպանութեանց յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամսուան աշխատանքները, Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ցեղասպանութեան ուսուցման կարեւորութիւնը եւ Գանատայի մէջ համացանցին մէջ ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի գործընթացը ու Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը այդ ուղղութեամբ:
Նախարարը իր կարգին գնահատանքով արտայայտուեցաւ գանատահայութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութեան մասին եւ իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց վերոնշեալ հարցերուն շուրջ համագործակցելու ուղղութեամբ: