Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆ
Արդեօք պէ՞տք է մտահոգուինք մեր գաղութի Հայ Դպրոցին վիճակով ու ճակատագիրով։
Կը հաւատանք, որ պատասխանը անառարկելի «այո՛» մըն է։ Եւ մտահոգութեան պատճառները բազմաթիւ են ու բազմաճիւղ, բազմայարկ։ Անոր մասնիկներն են նիւթական կարիքները, աշակերտներու թիւի նուազումը, որ մերթ ընդ մերթ կը հասցնէ այս կամ այն դպրոցի փակման, ուրիշներ կը մատնէ փակման վտանգին։ Վաղը, մարդահամար տեղի պիտի ունենայ, եւ պիտի տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգներու, մասնաւորաբար Քալիֆորնիոյ հայութեան թիւը յաւելում կրած է (տասը տարի առաջ ալ մարդահամար եղաւ ու այս իմաստով բան չարձանագրուեցաւ), այդ թիւին մէջ մանուկներն ու պատանիները պատկառելի մաս կը կազմեն։ Պէտք չունինք սպասելու արդիւնքներուն, այլ շատոց գիտենք, մեր մատներուն ետին չենք պահուըտիր ըսելու՝ որ հայկական դպրոց յաճախողներուն թիւը փոքր է ու տարուէ տարի հակամէտ է նուազելու, փոխանակ տրամաբանական յաւելում արձանագրելու։ Սա մնայուն եւ անսքող տագնապ է բոլորիս համար, անխտիր։
Բնականաբար կրնանք մտածել, որ սա մեր գաղութին իւրայատուկ պարագայ չէ. սփիւռքեան տարբեր գաղութներու մէջ ալ Հայ Դպրոցը նման տագնապ կը դիմագրաւէ։ Երբեմն կը մտածենք նաեւ, որ մեր մայր հայրենիքը՝ Հայաստանը «պէտք է բան մը ընէ»՝ հզօրանք ներարկելու համար սփիւռքեան մեր դպրոցներուն (խօսքը չի վերաբերիր միայն ուսուցիչներու վերապատրաստութեան, դասագիրքերու հայթայթման եւ նման ձեռնարկներու), սակայն անդին, գիտենք, որ շուրջ 30 տարի առաջ՝ վերականգնումի ճամբան բռնած մեր հայրենիքը ունի իր հարցերը, տագնապները եւ ի վիճակի չէ ընդառաջելու մեր ակնկալութիւններուն (այլ հարց, թէ երբեւիցէ պիտի կարենա՞յ նման բան ընել, մինչեւ իսկ եթէ ունենայ նիւթական առայժմ աներեւակայելի հնարաւորութիւնները, աչքի առջեւ ունենալով մտայնութեանց եւ մակարդակներու տարբերութիւնը)։ Չբանանք նաեւ հոն տեղի ունեցածին մասին համահայկական մտահոգութեանց էջերը…
Եթէ իրաւունք ունինք մտահոգուելու մեր գաղութի Հայ Դպրոցով (կը հաւատանք, որ նոյն մտահոգութիւնն ու իրաւունքը ունին արտերկրի բոլոր գաղութներուն զաւակները, նոյնը՝ նաեւ հայրենիքին մէջ), նաեւ իրաւունքն ու պարտականութիւնը ունինք գործի անցնելու, առանց «քանի ուշ չէ» աւաղումը հնչեցնելու, այլ ինքնագիտակցութեամբ, ներկան եւ ապագան պարզ աչքերով դիտելով, առանց զգացականութեան տուրք տալու կամ անկարելիին ձգտելու։ Մեր ժողովուրդի իմաստուն խօսքերէն մէկն ալ կ՛ըսէ. «Գլուխդ եղունգո՛վդ քերէ»։
Այս ընելու համար, կը կարծենք, որ պէտք է աչքի առջեւ ունենանք առնուազն երկու մակարդակ ու ոլորտ։ Առաջինը՝ Հայ Դպրոցին պահպանումն ու ապահովումն է, իսկ երկրորդը՝ ապագայի Հայ Դաստիարակներու պատրաստութեան մարտահրաւէրը տեսնելը։ Ուրեմն, կը գտնուինք գոնէ երկու եղունգ ունենալու հրամայականին դիմաց։
Քիչ մը մանրամասնենք՝ առանց ունենալու այն յաւակնութիւնը, որ մեր ըսելիքները աննախընթաց բաներ են, կամ պիտի ըլլան համապարփակ ու սպառիչ։ Չունինք նաեւ այն մտածումն ու մօտեցումը, որ պէտք է բացասական քննադատութեամբ քննարկել այժմու վիճակը. այլ, իբրեւ մեկնակէտ՝ նկատի ունինք այն հաստատուն ենթահողը, որ կազմուած է աւելի քան 50 տարիէ ի վեր, սկսելով այն օրերէն, երբ կարգ մը վսեմ «արկածախնդիրներ» մարմին տուին Քալիֆորնիոյ Հայ Դպրոցին ու տարուէ տարի ցանցը տարածեցին, գաղութը օժտելով ազգային, յարանուանական եւ միութենական վարժարաններով։ Ո՛չ մէկ խօսք, որ ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ թէ այլ հայկական վարժարաններ ստուար աշխատանք տարած են ու կը տանին այսօր, ճիգ կ՛ընեն անկարելին կարելի դարձնելու համար, հայ ուսուցիչներ լիարժէք նուիրումով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը, տնօրէնութիւն, հոգաբարձու, խնամակալ մարմիններ ու բարերարներ իրենց կարելին չեն խնայեր՝ կանգուն պահելու համար Հայ Դպրոցը։ Մեր խօսքը, ուրեմն, անոնց չի վերաբերիր, այլ այն բաժինին, որ պէտք է ընենք՝ մեր աչքերը սեւեռելով ապագային, յառաջիկայ 5, 10, 20 եւ աւելի տարիներուն, տեսնելու համար, թէ այսօր ո՛ւր կը կանգնի Հայ Դպրոցը, ո՛ւր կ՛ուղղուի, եւ արդեօք գո՞հ ենք անոր ուղիէն։
ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԴՊՐՈՑԸ
Հայ Դպրոցի պահպանումը պէտք է դիտել առնուազն երկու ոլորտի ու մակարդակի վրայ. նախ՝ մեր ունեցած դպրոցներուն նիւթական ապահովութիւնը, ապա նաեւ աշակերտութեան թիւի յաւելման ապահովումը (որ, ի դէպ, նիւթական որոշ հզօրանք կը բերէ դպրոցին)։
Գաղտնիք չէ, որ մեր դպրոցները՝ անոնք ըլլան ազգային, յարանուանական թէ միութենական, գոնէ անոնց մեծ մասը, կը գործեն պիւտճէական նեղ պայմաններու մէջ, տարին կը բոլորեն բացով, կարելի բոլոր միջոցներուն կը դիմեն՝ պիւտճէ հաւասարակշռելու համար (ու լա՛ւ կ՛ընեն)։ Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ մեր դպրոցներուն «խմբաւորումները» կը բանին իրարու հետ նուազագոյն գործակցութեամբ, համակարգումով, մինչդեռ բոլորն ալ դէմ յանդիման են նոյն մարտահրաւէրներուն, դժուարութեանց, լծուած են նոյն առաքելութեան (հոս ալ չենք ուզեր մտնել որոշ ծալքերու կամ մտահոգութիւն պատճառող իրականութիւններու մէջ, որոնցմէ մէկը կը յուշէ, որ հայկական դպրոցը նախ եւ առաջ… ապահով միջավայր է, հայկականութիւն ու հայակերտում ապահովելէ առաջ)։ Այլ խօսքով, հասարակաց դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ զանոնք յաղթահարելու համար, անհրաժեշտ է նոր մօտեցում, համագաղութային աշխարհահայեացքի տրամաբանութիւն եւ հայեցակէտ, այնպէս՝ ինչպէս կ՛ընենք այլ ոլորտներու մէջ. օրինակի համար՝ Ապրիլ 24, Հայ Դատ, թելեթոն(ներ), թանգարանի ծրագիր եւ մասամբ նորին։ Նման մօտեցում՝ մեր աչքերուն դիմաց պիտի պարզէ Հայ Դպրոցին հարկադրած առաջնահերթութիւնը, որուն ծանօթ ենք, սակայն բաւարար իրազեկութիւն չենք ցուցաբերեր։ Այլ խօսքով, երբ այսօր բարեբախտաբար հասած ենք համագաղութային միացեալ գործեր մարմնաւորելու հասունացման, աւելորդ կը նկատենք երկար խօսիլ, քարոզել, թէ նման գործ ընողին ճիտին ինչպիսի՛ ազնիւ պարտականութիւն կ՛իյնայ Հայ Դպրոցի պահպանման իմաստով, հարցը, տագնապը դիտելու համար համահայկական շահերու տեսանկիւնէն, ինչպէս որ կ՛ընենք համահայկական ճիգ պահանջող միւս նախաձեռնութեանց պարագային։
Վերջերս, երբ հայկական վարժարանի մը փակման որոշումէն բխած մտահոգութիւններու շուրջ կը զրուցէինք բարեկամներու հետ, մէկը նկատել տուաւ, որ դպրոցին ստանալիք առաջնահերթութիւնը շօշափելի-տեսանելի չէ, իսկ ուրիշ մը բացատրեց, որ եթէ նման հարց դրուի գաղութի առանձնակի միաւորներուն կամ զանոնք միացնողին օրակարգին վրայ, առաջին հարցումը պիտի ըլլայ. «Ուրկէ՞ պիտի բերենք դրամը…»։ Չենք հաւատար, որ դպրոցին առաջնահերթութիւն ընծայելու գիտակցութիւնը տեսանելի չէ, իսկ երկրորդ հարցումին պատասխանը ինքնաբերաբար տուած է, արդէն կու տայ այս գաղութը՝ իր համահայկական միւս ծրագիրներով ու անոնց իրագործման ի խնդիր հաւաքական ճիգերով։ Կը մնայ, որ այս հասարակաց հարցը համապատասխան գործակցութեամբ եւ բոլոր երեսներով ենթարկուի մասնագիտական քննարկումի (ոչ մէկ կասկած, որ կրթական կեանքի ու անոր նիւթական նախադրեալներուն ծանօթ բազմաթիւ մասնագէտներ ունինք, որոնք կրնան անփոխարինելի ներդրում ունենալ). քննարկուին «ներքին» ու արտաքին նպաստներու ապահովման միջոցները՝ կարելին ու անկարելին, ինչպէս պիտի ըսէր Վ. Թէքէեան, եւ շօշափելի ծրագիր մը մշակուի առ ի գործադրութիւն։ Հարցը հոն չէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ նախաձեռնողը, որովհետեւ ՄԻԱՑԵԱԼը ինքնին խօսուն է, պէտք է ըլլայ։ Նման գործնական ծրագիր, որ օժանդակութիւն եւ մղիչ շարժակ պիտի ապահովէ հայկական բոլոր դպրոցներուն՝ անխտիր, չի կրնար իր կողքին չունենալ մեր գաղութի նիւթական ներուժը վայելողներուն զօրակցութիւնը, մանաւանդ երբ նկատի առնէ համաչափ եւ արդար զօրակցութեան մօտեցումը։ Վստահ ենք, որ ոեւէ մէկը երկմտանք չունենար պատասխանելու այն հարցումներուն, թէ արդեօք ի չգոյէ դպրոց իրականացնելն ու ցանցը տարածե՞լն էր դժուար, թէ եղածը պահպանելն ու ապա՝ այժմու ցանցին ընդարձակումը ապահովելը. կամ՝ արդեօք մեր գաղութը աւելի քան 50 տարի առաջ նիւթապէս աւելի՞ բարօր էր, որ յաջողեցաւ զերոյէն իրականացնել աւելի քան տասնեակ մը դպրոց, թէ այսօր։ Հիմնականը՝ ամուր ու վստահելի ենթահողին ստեղծումն է, վերականգնումը, նաեւ՝ տեսլականին ու տեսողութեան դաշտին ընդարձակումը։ Հոս ալ ո՛չ մէկ կասկած, որ դրօշարշաւը շարունակելու նախադրեալները չեն պակսիր։
Արագ ակնարկութիւն մը ըրինք արդէն, որ Հայ Դպրոցի պահպանում ըսելով՝ ի մտի չունինք միայն եղածները պահելը, վտանգուածները բաց պահելը, փակուելու վտանգին տակ գտնուողին գոյատեւումը ապահովելը, այլ նոյնքան կարեւոր է այժմու ցանցերուն տարածումը, դպրոցներու թիւին բազմապատկումը։ Յաճախ մեր մամուլը լոյս ընծայած է վիճակագրական պատկերներ. գիտենք, որ հայկական բոլոր դպրոցները, միասին առած (մէջն ըլլալով շաբաթօրեաներն ու մասնակի ծրագիրները) այսօր կը հոգան շրջանի հայ աշակերտութեան նուազ քան 10 առ հարիւրին կարիքը։ Մեր ոտքերը գետնէն չենք կտրեր, յուսալով, որ առաջարկուած գործելակերպով՝ շուտով պիտի կարենանք բազմաթիւ հայկական դպրոցներ մարմնաւորել ու անոնց յարկին տակ ներգրաւել հայ աշակերտութեան մեծամասնութիւնը (այլ գաղութներու մէջ ալ դէպի օտար դպրոց սահողներուն քանակը մտահոգիչ է, կայ հազար ու մէկ պատճառ), սակայն եթէ կը հաւատանք, որ Հայ Դպրոցը հայակերտումի եւ իսկական հայապահպանումի միջավայր է (մեր այս հաւատքը հազար ու մէկ փաստ ունի արդէն), անհրաժեշտ է տեղէ մը սկսիլ՝ գործնական քայլ առնելու եւ ժամանակի ընթացքին՝ գործելու յառաջատուական կշռոյթով։
Այո՛, Հայ Դպրոցը սոսկական առեւտրական հաստատութիւն չէ, թէեւ նիւթական երեսը անտեսելի չէ, այլ, գիտենք արդէն, որքա՛ն ինքզինք կը պարտադրէ։ Անիկա ոտքի չէ ելած նիւթական շահ ապահովելու հեռանկարով, այլ միշտ ալ նոր ներդրումի կարիքը ունեցած է (մեր նիւթէն շեղա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ ակնարկենք առանձնակի դպրոցներու այնպիսի ցանցերու, որ առ նուազն ինքնաբաւ են եւ իրենց բարգաւաճումը իրենց միջոցներով կ՛ապահովեն…)։ Մեր դպրոցը ունի երկճիւղ նպատակ՝ պատրաստել գիտակից, զարգացած քաղաքացիներ, սակայն նաեւ մայր հայրենիքին՝ Արարատին սեւեռող հայորդիներ, «սեւեռող» բառին ամէնէն համապարփակ իմաստով։ Հայ սերունդներ պատրաստող հիմնարկ՝ ուր մանուկն ու պատանին (ինչո՞ւ մոռնալ ծնողները) ո՛չ միայն պիտի իւրացնեն ընդհանրական գիտելիքներ ու մայրենին, այլեւ ծանօթանան մեր պատմութեան ու Դատին, հաղորդակից դառնան մեր դարաւոր մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն, ժառանգութեանց, ա՛յն գանձերուն՝ որոնք զիրենք պիտի դարձնեն ՀՊԱՐՏ ՀԱՅԵՐ, զգալ՝ որ եթէ «մենք մեզ ո՛չ մէկինց չեն գերադասում», կայ նաեւ մետալին միւս երեսը, այսինքն՝ հայը պատրաստ չէ զիջելու ոեւէ ուրիշ ազգի ու մշակոյթի առջեւ…
ՀԱՅ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԻ ՀԱՐՑԸ
Հայ Դպրոցին ողնասիւնը Հայ ուսուցիչն է, դաստիարակը. սա անվիճելի ճշմարտութիւն է եւ ծանօթ տուեալ։
Քալիֆորնիոյ Հայ Դպրոցին արարումէն ասդին, քանի մը սերունդի դաստիարակներ այս առաքելութեան լծուած են, շատեր անցած են պատմութեան, թողած են բարի յիշատակներ ու անջնջելի հետքեր։ Մեծ մասը ալիք-ալիք եկած էր «նախկին գաղութներէ», ընդհանրապէս Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն եւ դրացի երկիրներէ։ Այսօր, մեր վարժարաններուն մէջ պատնէշի վրայ կը մնան վերջին ալիքին անդամները, երիտասարդ կամ արդէն միջին տարիքի։ Անոնց վաստակն ու ներդրումը անժխտելի են, ի՛նչ չափով ալ որ մատուցած են, համապատասխան իրենց պատրաստութեան ու կարողութեան։
«Նախկին գաղութներ»ու ծորակները սկսած են նուազ հոսուն ըլլալ, բոլորիս ծանօթ պատճառներով։ Տակաւին, այդ գաղութներուն մէջ դադրած են գործել հայագիտական հիմնարկներ (բացի մէկ-երկու սահմանափակեալ բացառութենէ), որոնք անցեալ տասնամեակներուն առաւել կամ նուազ չափով «վառելանիւթ» կը հասցնէին մեր կրթական օճախներուն։ Մասնաւորաբար Սուրիոյ ու Լիբանանի վիճակուած կացութիւնները ծանօթ են բոլորիս. ստեղծուած վիճակին համար կարելի չէ մեղադրել ոեւէ մէկը, բացի այս երկիրներուն ահաւոր տագնապներ «պարգեւողներէն», իսկ մեղադրանքներ շռայլելով՝ հարցեր չենք կրնար լուծել։
Անշուշտ որ քաջառողջութիւն եւ վաստակի աճ կը մաղթենք պատնէշը պահողներուն, սակայն մեր ապրած փորձառութիւններն իսկ պերճախօս վկայութիւն են, որ մարդկային կեանքն ու կարողութիւնները տեղ մը վերջակէտի կը հասնին (ո՛չ անպայման աշխարհէս հեռացումով, այլ կեանքի բնական պայմաններու բերումով)։ Պէտք է հարց տանք մենք մեզի եւ իրարու. այսօրուան ջահակիրներուն կերոնը ո՞վ պիտի յանձն առնէ քանի մը տարի ետք, տասնեակ մը, 20 կամ աւելի տարի ետք։ Աւելի՛ն, կեանքի, կրթական ասպարէզին իսկ ստեղծած նոր հարկադրանքները նկատի ունենալով, չ՛արժե՞ր մտածել, թէ պէտք է գործնական քայլերու դիմենք՝ վաղուան ուսուցիչը, Հայ Դաստիարակը պատրաստելու հեռանկարով, որովհետեւ այլապէս, օր մը մենք մեզ պիտի գտնենք հետեւեալ հարցումին դիմաց. «Ի՞նչ հայկական դպրոց՝ առանց հայ ուսուցիչի…»։
Հայերէնով դասաւանդուող նիւթերուն համար, անհրաժեշտ է ունենալ մասնագէտ հայ ուսուցիչներ։ Պէտք է այս կալուածին մէջ ներգրաւել երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք նախ կը սիրեն ուսուցչութեան ասպարէզը, յետոյ, տրամադիր են հետեւելու յատուկ դասընթացքներու, որոնց ճամբով, ո՛չ միայն հմտանան հայոց լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի տարբեր կալուածներու մէջ, այլ նաեւ պատրաստուին իբրեւ հոգեբան-մանկավարժներ, ինչպէս որ կ՛ակնկալուի այլ դասանիւթեր աւանդողներէ, մեր թէ այլ վարժարաններու մէջ։ Անոնք ատակ պիտի ըլլան ներգրաւելու ո՛չ միայն հայ աշակերտը, այլ նաեւ… ծնողներն ու ամբողջ շրջապատը, ուր յաճախ հայերէնին նկատմամբ վանողականութիւնը գլուխ կը ցցէ (հոս արդէն յառաջ կու գան այլապէս քննարկելի, յաճախ քննարկուող տագնապներ ու հարցեր)։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Կրկնելու գնով արձանագրենք. ասոնք սոսկական երազներ ու բարի բաղձանքներ չեն, այլ մեր այսօրուան ու վաղուան իրականութիւններէն բխող հրամայականներ, ազնիւ մարտահրաւէրներ։
Մեր բանաստեղծներէն մէկը մօտաւորապէս ըսած է (տարբեր բովանդակութեան մէջ), թէ լոկ ցանկութեամբ հարցեր չեն լուծուիր, սակայն ցանկութիւնն ու տեսլական-երազը սկիզբն են իրագործումներու։
Պէտք է ընդունինք, որ առաջադրուածը դիւրին բան չէ, չի կրնար ծրագրուիլ ու իրականացուիլ մէկ ձեռքով, ո՛չ իսկ երկու ձեռքով, այլ կը կարօտի ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ եւ կարողութեանց-կարողականութեանց միացման։ (Չենք ուզեր մտածել անգամ, որ մեր միաւորներէն մէկն ու մէկը պիտի վարանի ընդառաջելու այս ծիրին մէջ որեւէ նախաձեռնութեան, որ չէ բխած «իր կողմէն», որովհետեւ, ինչպէս բազմիցս շեշտեցինք, «բոլորս կը գտնուինք նոյն տապակին մէջ»)։
Կա՞յ արդեօք որեւէ հեղինակութիւն կամ միաւոր, որ նման ծրագիրի օգտակարութեան համար սպասում ունի, թէ մէկը պէտք է գայ ու համոզէ զինք։ Անկասկած որ պատասխանը կտրուկ «ո՛չ» է, որովհետեւ նոյն խորութեամբ կը հաւատանք, որ Հայ Դպրոցի դերին, անոր պահպանման ու տարածման մասին բոլորիս մտածումները իրարու նման են, անկախ մեր կուսկացական, յարանուանական կամ միութենական պատկանելիութենէն։ «Ցունամի»ն, որ տարուէ տարի դանդաղօրէն կը բարձրանայ մեր դիմաց, մեզ կը հարկադրէ Գործնական քայլեր առնելու եւ չբաւարարուելու լոկ ախտաճանաչումներով ու կիսատ-պռատ լուծումներով, որոնք միշտ ալ դատապարտուած են մնալու անվաղորդայն։
Բնական ցունամիները կրնան անակնկալ ու անյաղթահարելի ըլլալ. բարեբախտաբար մենք նման կացութեան դիմաց չենք։ Ու պէտք չէ մոռնալ, որ հազար մղոն ճամբայ կտրելու համար, պէտք է առնել առաջին քայլ մը, միասնաբար ճամբայ ելլել ու ապահովել յաջորդ քայլերուն շարունակականութիւնը։ Նման ուղեւորութիւն կրնայ ուղեցոյց ըլլալ նաեւ հայկական այլ օճախներու, մղելու զանոնք, որ իրենց եղունգները գործածեն ըստ իրենց պայմաններուն, նաեւ՝ ճամբայ հարթել օգտաշատ գործակցութեան։
Ի դէպ, այս սիւնակներէն դիտումնաւոր կերպով դուրս կը ձգենք հայեցի կրթութեան «բարդ հարցեր»ը, որոնք կուտակուած են տարուէ տարի, սակայն կասկած չունինք, որ «հայերէնը ինչպէ՞ս սիրցնել հայ մանուկին ու պատանիին» պէս հարցումներ ինքնաբերաբար անհեթեթ պիտի դառնան, եթէ ապահով ենթահողի վրայ կանգնող Հայ Դպրոցը օժտուի Հայ Դաստիարակներով, որոնց այսուհետեւ պէտք է խնայել «հայ ուսուցիչը պէտք է նա՛եւ նիւթապէս զոհաբերող ըլլայ» ճակատագիրը, ու որդեգրել իրենց առաքելութեան համազօր վարձատրութեան մակարդակ։ Երբ հայ մանուկն ու պատանին օրկանական իսկական կապ հաստատեն հայուն ինքնութեան ու թանկարժէք ժառանգութեանց հետ, բազմաթիւ պատնէշներ փուլ կու գան ինքնաբերաբար։ Եւ ո՞վ կ՛ըսէ, թէ ծնողներն ու երէց սերուդնը անմասն են այս մարտահրաւէրէն։
Յամենայնդէպս, սա օրակարգ մըն է, որ կը կարօտի հանրային լայն քննարկումի եւ գործին ճիշդ հունաւորման։ Այս սիւնակները հպանցիկ ակնարկ մը եղան հարցին վրայ, սակայն հեռու են սպառիչ ըլլալէ, որովհետեւ նոյնինքն հարցը… անսպառ է։
Փետրուար 2020
Ասանկ բաներ շատ գրուած են մեր թերթերուն մէջը: Իմ հարցումս անի է որ կարդացող կա՞յ, մտիկ ընող կա՞յ: Ասոնք պարապ խօսք կըլլան, եթէ մէկը աս մասին չիմտածէ եւ ծրագիրներ չիդնէ: Եթէ աս գրութիւնէն քոբիներ ղրկէք կղերական եւ կուսակցութիւններուն եւ կրթական միութիւններուն, լաւ բան մը կընէք: Մեր Լիբանանին մէջն ալ ասանկ հարցեր կան, բայց հոս հարցերը քիչ մը տարբեր են: Մեր քովը դրամական դժուարութիւնը ամմէնէն շատը մեր մուխը կը մարէ կոր: