ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 5 Փետրուար թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտին ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն (4րդ ընտրատարածք) ընթացքին պիտի զօրակցի ներկայիս այդ խորհուրդի անդամ Տէյվիտ Ռիուի վերընտրուելու արշաւին։
Այս որոշումը հիմնուած է Ռիուի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն վրայ։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի եւ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, նկատի ունենալով, որ անոնց գործունէութեան դաշտը կ՛իյնայ 4րդ ընտրատարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ Շըրմըն Օքս, Թոլուքա Լէյք, Լոս Ֆելիզ թաղամասերը, առաւել Փոքրիկ Հայաստանի կից տարածքներ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ նշեալ հանդիպման ընթացքին Ռիու խոստացաւ շարունակել շրջանի հայութեան շահերը պաշտպանելու իր ջանքերը՝ հաստատելով, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Ռիու զանազան առիթներով գործնականապէս զօրակցած է հայկական վարժարաններու, կազմակերպութեանց եւ այլ նախաձեռնութեանց, մօտէն գործակցելով Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, նոյն ժամանակ նեցուկ կանգնելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։
Տէյվիտ Ռիու շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատին ցուցաբերած զօրակցութեան համար, զայն հպարտութեան աղբիւր մը նկատելով, նոյն ատեն դրուատելով Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքը։ Իբրեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի առաջին քորէացի ամերիկացի անդամ, ան կարեւոր կը համարէ ազգային փոքրամասնութեան ներդրումը եւ իր գրասնեակին մէջ պաշտօններ տուած է նաեւ ամերիկահայերու։