ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան եւ Յորդանան կը ձգտին տնտեսական յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնել՝ հասցնելով քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: Յորդանանի սեփական մարզի ներկայացուցիչները Հայաստանի իրենց գործընկերներուն հետ համագործակցութեան հեռանկարներ կը տեսնեն զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ։
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին Երեւան այցելութեան ծիրին մէջ, 10 Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Յորդանան գործարար համաժողովը՝ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանի եւ Յորդանանի արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարման նախարար Թարիք Համուրիի մասնակցութեամբ։
«Յորդանանի գործընկերների հետ քննարկման արդիւնքում եկանք այն համաձայնութեան, որ առկայ քաղաքական ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնները թոյլ են տալիս անել էապէս աւելին, քան ցոյց են տալիս այն տնտեսական ցուցանիշները, որոնք առկայ են հիմա: Տնտեսական ցուցանիշները ներկայում մեծ չեն՝ թէ ներմուծումը, թէ՛ արտահանումն արտայայտւում են բաւականին համեստ թուերով: Այս բիզնես ֆորումը կազմակերպել ենք այն նպատակով, որ բիզնեսի ներկայացուցիչները ճանաչեն միմեանց, ճանաչեն այն տնտեսական հնարաւորութիւնները, որոնք կան թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ Յորդանանում, ստեղծեն աւելի սերտ համագործակցութիւն եւ արդիւնքում արձանագրեն աւելի մեծ ծաւալով առեւտրատնտեսական եւ համատեղ ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու նախաձեռնութիւններ», յայտնեց Տիգրան Խաչատրեան:
Ըստ անոր՝ Յորդանանի գործարարները կրնան հետաքրքրուած ըլլալ յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտի թէ՛ մշակուած, թէ՛ չմաշկուած արտադրանքով, ան համագործակցութեան հեռանկարներ կը տեսնէ նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ, համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւն՝ թեթեւ արդիւնաբերութեան՝ յատկապէս հագուստի արտադրութեան մէջ:
Նախարար Թարիք Համուրի եւս նշեց, որ Յորդանանի թագաւորը յանձնարարած է Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ քաղաքական յարաբերութիւններ դրսեւորել տնտեսական առումով եւս։
Ըստ անոր՝ կան բազմաթիւ ոլորտներ, որոնց մէջ Հայաստան եւ Յորդանան կրնան համագործակցիլ, յատկապէս նշելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը: «Հայաստան բաւական յառաջադէմ է այդ ոլորտին մէջ: Յորդանան եւս լուրջ հեռանկարներ ունի այդ առումով», յատնեց ան՝ աւելցնելով, որ համագործակցութիւն կարելի է ծաւալել նաեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ։