Արամ Ա. վեհափառի բարձր տնօրինութեամբ՝ երեք երիտասարդ միաբան հայրեր՝ Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Յունաստանի), Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» թանգարանի), Զարեհ վրդ. Սարգիսեան (վարիչ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին) մեկնեցան Վատիկան՝ ընդառաջելով Վատիկանի միջքրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն պիտի միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Պսակ վրդ. Թէփիրճեան։
Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուծաբանական յանձնախումբը որոշած էր, որ յաջորդաբար կաթոլիկ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներ կազմակերպեն փոխադարձ այցելութիւններ իրենց երիտասարդ հոգեւորականներու, որպէսզի աւելի մօտէն եւ ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար:
Հետեւաբար, արեւելեան եկեղեցական ընտանիքին պատկանող իւրաքանչիւր եկեղեցիէն երեք երիտասարդ հոգեւորականներ յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին Վատիկանի մէջ այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով առիթը պիտի ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի աշխատանքներուն ու կաթոլիկ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: