ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ակօս», «Էրմենիհապեր».- «Ակօս»ի հիմնադիր, խմբագիր եւ հրատարակութեան տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը այս շաբաթ կը շարունակուի 14րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ: Դատավարութեան այս փուլին կը լսուին զանազան վկայութիւններ: Ինչպէս ծանօթ է, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր մեղադրեալները եւ ականատեսները պետական պաշտօնեաներ են, որոնք դէպքին պահուն կը զբաղեցնէին զանազան պաշտօններ:
18 Փետրուարի նիստին, յատկապէս քննարկուեցաւ 2004ին Եասին Հայալի կողմէ գործադրուած Տրապիզոնի «ՄըքՏանըլտզ» ճաշարանին դէմ յարձակումին մանրամասնութիւնները: Այս ծիրին մէջ եւ այդ օրերուն, Տրապիզոնի ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինի փոխտնօրէն Ատեմ Սաղլամի վկայութեամբ՝ ամբաստանեալ Էրհան Թունճել, յարձակումին հարցով դատուելէ ետք, քանի մը անգամներ այցելած է իրենց բաժինը: Այդ պահուն, Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու հարցուց, թէ Տինքի հարցով ամբաստանեալ եւ Թուճելի հետ կապեր ունեցող Եասին Հայալ ի՛նչ նիւթով նամակ գրած է իրեն: Փոխտնօրէնը յայտնեց, թէ Հայալի հետ որեւէ յարաբերութիւն չէ ունեցած եւ խնդրոյ առարկայ նամակին համար ալ օրինական բողոք ներկայացուցած է: Սաղլամ իրաւապաշտպան Պաքըրճըօղլուի յաջորդ հարցումներուն ալ պատասխանեց «չեմ յիշեր» ըսելով:
Ապա ան վկայութիւններ բերաւ այս անգամ ոստիկանութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ահաբեկչութեան հետ պայքարի բաժինի պետ Ահմետ Սելիմ Աքեըլտըզ, որ մանրամասնութիւններ փոխանցեց ոճիրէն ետք արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչեքի, ներքին գործոց նախարար Ապտիւլքատիր Աքսուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ կատարած քննարկումներուն մասին:
Դատական նիստին երկրորդ օրը քննարկուած նիւթերէն մէկն էր ոճրագործին ձերբակալութենէն ետք, Սամսունի մէջ տեղի ունեցած նկարահանութեան գայթակղութիւնը: Այս նիւթին շուրջ ալ վկայութիւններ բերաւ, այդ շրջանի ոստիկան զօրաց հրամանատար Սերտար Եիւճել: Եիւճել խոստովանեցաւ, թէ նկարահանման մասին իրեն հրաման տրուած է նոյն ինքն ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարութեան կողմէ:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուած «Ակօս»ի նախկին խմբագրութեան շէնքի դիմաց Տինքը սպաննած Սամասթ ոճիրի վայրէն փախուստի դիմած էր, սակայն աւելի ուշ ձերբակալուած էր Սամսունի մէջ:
Դատավարութիւնը կը շարունակուի…