ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Գազանի երախ էր անիկա, թռչունի կտուց, անդունդի կլափ, հրաբուխի խառնարան, սուրի սայր, դանակի շեղբ, հնախօս սերունդի համար՝ խօսարան, պատասխանարան, փառաբանարան, իսկ հայոց բարբառներուն մէջ՝ լղտուն, լոխ եւ ռեխ: Չմոռնանք նաեւ անոր պատկերաւոր հոմանիշները. բացուածք, պատռուածք եւ ճեղքուածք: Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզ կը հրաւիրեմ «բերան» բառին քաղցրածորան զրոյցին ականջ տալու, ընդ որում մնալ ափ ի բերան, զարմանալով անոր հարստութեան:
Առաջին անգամ, ե՞րբ բացուեցաւ հայու բերանը: Հինգ հազար տարի առա՞ջ կամ աւելի՞: Չենք գիտեր: Բայց ձեզ կը վստահեցնեմ, թէ սկսելով Ոսկեդարէն, հայու այդ օծեալ խոռոչէն շռայլօրէն ծորեցան հեշտալուր արտայայտութիւններ եւ իմաստութեան խօսքեր: Հետեւեալը, «բերան» բառի, նախ բերնէ բերան աւանդուած, ապա մագաղաթի վրայ մելան դարձած մարգարիտներու շտեմարանն է:
Աստուածաշունչը, հայոց գրաւոր լեզուի նախաբերանը, ունի 180էն աւելի «բերան», ներառեալ՝ բերանաբաց, բերանալիր եւ բերանակապ բառերը: Աւելի վիպական են բառակապակցութիւնները, ինչպէս՝ բերան՝ իմաստունի, խոնարհի, արդարի, աղախինի, սուրի, առիւծի, անհնարին գազաններու, դժբախտաբար նաեւ՝ անիրաւի եւ ամբարիշտի: Այդ օրերէն ի վեր, շուշան բերան դպիրներ սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կ՛աւարտեն այսպէս. «Օրհնեցից զՏէր յամենայն ժամ, յամենայն ժամ օրհնութիւն Նորա ի բերան իմ»: Մեր մատենագրութիւնը լիաբերան է հոգեւոր արտայայտութիւններով. «Բերան չար խրատտուացն», «Բազում սաղմոս ի բերան»՝ Եղիշէ պատմիչ, «Բերան Տեառն»՝ Ագաթանգեղոս, «Բերան երկրածին», «Բերան մեղաւորի»՝ Գրիգոր Նարեկացի, «Բերան քո բարի»՝ Ներսէս Շնորհալի:
Դասական հայերէնի հասարակ զրուցողը Ե. դարուն իր բերանին մէջ ունէր բազմաթիւ դարձուածքներ, ինչպէս՝ «Ի բերան գիտել, առնուլ»՝ անգիր ըսել կամ արտասանել, «Բերան ժողովոյն»՝ ժողովի խօսնակ, «Գոյժ ի բերան առնուլ»՝ գոյժ տալ, «Երգս ի բերան առնուլ»՝ երգել, «Ընդ մի բերան»՝ միաձայնութեամբ, «Ընդ բերան ածել»՝ անընդհատ կրկնել: Գրաբար հայերէնը ունէր նաեւ բազմաբերան փոխաբերութիւններ՝ «Բերան գետոյ», «Բերանք ճրագաց», «Բերան սրոյ» եւ «Գրել ինչ ի բերանոյ ուրուք», այսինքն ուրիշի թելադրութեամբ գրագրութիւն կատարել:
Հայը, անշուշտ որ գիտէր իր բերանին համը եւ զարգացուց այդ դարձուածքները: Այժմ ունինք անոնցմէ առաւել քան եօթանասուն հատը, ինչպէս՝ «Բերան չէ տաճար է», «Բերան ծռել», «Բերանը բաց մնալ», «Բերանը լեզու դնել», «Բերանին եկածը ըսել», «Բերանը ուրիշին ծախել», «Բերնէ բերան կ՛ըլլայ գերան»:
Երբ գաղտնապահութիւնն էր նիւթը, մեր մայրենին մարդիկը բաժնեց երկու խումբերու՝ «Բերանը պինդ» եւ «Բերանը թոյլ»: Խօսելու ոճին եւ միտքին համար կան երկու տեսակներ եւս. «Բերանէն կրակ թափող» կամ՝ «Բերանէն մարգարիտ թափող»: Իսկ, յարգելի ընթերցող, ձեր բերանին մէջ մազ ելաւ, չէ՞, երբ նոյն բանը յաճախակ ըսիք ու յոգնեցաք: Եւ անշուշտ, ոեւէ մէկը չ՛ուզեր, որ ինք կամ ընտանիքի անդամներէն մէկը «Բերանի ծամոց դառնայ»: Դուք նաեւ գիտէք, թէ ինչո՛ւ մեր ազգային, շինարարական գործերը երբեմն կը կաղան: Որովհետեւ, յաճախ կ՛ունենանք «Մի կառուցող՝ հազար բերան»:
Միջնադարուն անուշցաւ հայկական բերանը, սրբաբերան տաղասացներ շաքար ու մեղրով գովերգեցին զայն: Նախ եկաւ Յովհաննէս Թլկուրանցին, 1400ա-կաններուն. ան նկարագրեց իր սիրածը. «Ուրակ ճակատ ու ճոխ բերան», ապա երգեց. «Աղէկ պատկեր բոլոր / եւ գեղեցիկ ես, / Բերանդ շաքրով իլի / թութակ լեզու ես»: 1500ներուն Նահապետ Քուչակ ըսաւ, թէ իր լուսերես եարը ունի «շուշան բերան» եւ «Իր օնքն էր ղալամով քաշած, եւ իր բերանըն շաքարով ի լի»: 1600ականներուն Պաղտասար դպիրը, Պոլսոյ մէջ, Մարմարա ծովուն ափին նստած, դիտելով Պոսֆորի բերանը՝ զմայլեցաւ թէ՛ գարնան գեղեցկութեան եւ թէ իր եարին. «Գարուն եղաւ, պարտէզի մէջ / Բնակուեցաւ վարդաբերանը, / Սիրաբար դարձաւ վարդաբերանը»: Նոյն օրերուն, կին տաղասաց մը դժբախտ, ափ ի բերան մնաց, երբ լսեց, թէ իր եարը որոշեր է… աբեղայ դառնալ. «Նա ո՞նց եղաւ հաբեղայ: / Բերնիկն էր շաքար սովոր, / աճապ ո՞նց կերաւ նա բակլայ»: Իսկ Նաղաշ Յովնաթանը 1700ականներու սկիզբները, Թիֆլիսի մէջ, Հերակլ Զ. թագաւորին պալատի պատուհանէն դիտելիվ Կուր գետի շառաչող բերանը՝ երգեց այսպէս. «Բերանդ՝ կարմիր գինի, լեզուդ՝ համեղ նուշ, / Դու մինակ կու խմես ու կ՛անես անոյշ, / Նաղաշն թողել ես ծարաւ ու բէուշ. / Ես մնացի կարօտ՝ խմելոյ համար»:\
Վերջապէս եկաւ Միքայէլ Նալբանդեան՝ այն ազատաբերան բանաստեղծը, որ սիրահարած էր մէկ այլ գեղեցկուհիի՝ Մայր Հայաստանի ազատութեան գաղափարին. «Ազատութի՜ւն դուրս թռաւ իմ մանկական բերանից»:
Այսօր կը վայելենք «բերան» գոյականի 50է աւելի բարդ եւ ածանց տարբերակները: Ուշագրաւ են անոր զուգորդութիւնները թիւերուն հետ. միաբերան, երկբերան, երեքբերան, քառաբերան, եօթնաբերան, հազարաբերան… Վերջինը երեւակայութեան չափազանցութիւն կամ անհաւանակա՞ն կը նկատէք: Ականջ տուէք Ակսել Բակունցին. «Ոռնում է գայլը, ոռնոցը հազարբերան արձագանգով զրնգում է Մթնաձորում»: Մեր մայրենին նկատեր է նաեւ բերանի լաւ տեսակները՝ ազատաբերան, աստուածաբերան, ոսկեբերան, սրբաբերան, եւ անցանկալի տեսակները՝ դիւաբերան, զազրաբերան, կիսաբերան, շնաբերան, գայլաբերան…
Հայկական ժամանակակից գրականութեան մէջ ունինք «Մի խոր անտառի բերան», «Դանակի մը պողպատի սուր բերան», «Ամէն բերան նրա գովքն է անում» տողիկները: Այս բառով Աւետիք Իսահակեան իմաստասիրեց. «Աշխարհը յաւիտեան մահուան բերանում, եւ մահը նրան ծամում է, ծամում», եւ Պարոյր Սեւակ ըմբոստացաւ. «Եւ փրփուրը բերնիս ես կարող եմ վիճել, / Որ բերան է տրուած ո՛չ ուտելու, / Այլ խօսելու համար»: Իսկ այն օրը, որ Համօ Սահեան ծնաւ մեծ հայրը հպարտացաւ. «Տէր երկնայի՛ն, / Քո փառքը շատ, իմ աչքը լոյս, / Տանս մի սիւն, / Մի գերան էլ աւելացաւ». մեծ մայրը, նախ խաչակնքեց իր երեսին, ապա դժգոհեցաւ. «Անխիղճ աստուած, այս ի՞նչ արիր, / Խեղճ ու կրակ սուփրիս (սեղան) վրայ / Մի աւելորդ գդալ բռնող, / Մի բերան էլ աւելացաւ»:
Օր մը, յարգելի ընթերցող, պատահեցաւ ամէնէն վատը: Հայ բանաստեղծը, որ միշտ ազնիւ եւ բարի խօսքի համար բերան բացած էր, եւ որուն բերանը բերան չէր այլ՝ տաճար, եւ որ իր բերանը երբեք չէր պղծած անէծքով, չդիմացաւ չարին ու բերանէն բոց եւ կրակ թափեց ջարդարար այն վոհմակներուն վրայ, որոնք աւարներով ու աւերներով մեր երկիրը դարձուցած էին սուգի մշտական հովիտ մը: Յովհաննէս Թումանեանն էր ան, որ 1918ին գրեց. «Բերանն արնոտ Մարդակերը էն անբան / Հազար դարում հազիւ դառաւ Մարդասպան. / Ձեռքերն արնոտ գնում է նա դեռ կամկար, / Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամբան»:
Բայց, հազար բերան փառք Համօ Սահեանի շրթներուն, բառը դարձեալ սրբացաւ եւ դարձաւ քաղցրաբերան. «Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա, / Սուրբ հացը մեր սեղանի, / Մեր հոգու կանչն է արդար / Ու համը մեր բերանի»: Հազար բերան փառք «բերան» բառին: