ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանը առօրեայ կեանքի համար առաջարկուած փոփոխութիւններէն մէկն է, որ հոգեւոր կեանքի մարզաձեւ մըն է խորքին մէջ, եւ որ արդէն քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութեանց կարգը անցած է: Ամէն գործ ունի իր ձեւը, ժամանակը, նշանակութիւնը, ազդեցութիւնը եւ արդիւնքը: Պահեցողութիւնն ալ հոգեւոր «գործ» մըն է, որ դարձեալ ճիգ ու ջանք կը պահանջէ, մանաւանդ՝ աշխատութիւն: Այս բառը՝ աշխատութիւն, պահեցողութեան համար պէտք է առաւել շեշտուի, որովհետեւ ոմանց տեսակէտով պահեցողութիւնը «հանգիստ»ի ժամանակաշրջան է, որովհետեւ մարմինը յաւելեալ սնունդ չստանալու պատճառաւ կրնայ տկարանալ. ուստի պէտք չէ՛ զայն շատ ծանրաբեռնել…
Ժխտական մտածողութիւնը պահեցողութեան մասին, այսինքն պահեցողութիւնը «դադար առնել»ու առիթ համարելը, ծուլութեամբ յղփանալը, առօրեայ աշխատանքէ հեռու մնալու համար զայն «բանաւոր» պատճառաբանութեան վերածելը, փաստօրէն պահեցողութիւնը կը դատարկէ իր իսկական իմաստէն ու մանաւանդ արժէքէն:
Հակառակ այլ կրօններու ունեցած տարբեր հասկացութիւններուն եւ պահեցողութիւնը արտաքնապէս եւս զգալի դարձնելու անոնց ըմբռնումներուն, քրիստոնէական կրօնը հիմնուած Յիսուսի ուսուցումներուն վրայ, պահեցողութիւնը ինքնահայեցողութեան, ներհայեցողութեան եւ ինքնաքննութեան հոմանիշ կը համարէ: Եթէ ըլլար հայելի մը, որուն դիմաց երբ կանգնէինք մեր արտաքին տեսքին նայելու համար, նաե՛ւ հնարաւորութիւն ունենար ցոյց տալ մեր հոգին, ատիկա պիտի սիրէինք կոչել պահքի կամ պահեցողութեան հայելի… Երանի՜ թէ կարենայինք հնարել նման հայելի մը, որուն նիւթը ապակին չէ՛, փայլուն թուղթը չէ՛, յղկումի նրբարուեստ աշխատանքը չէ՛ վարպետին, այլ միայն հաւատաւոր մարդուն աղօթքը:
Ներհայեցողութեան հայելին կարելի է կերտել աղօթքով: Պահեցողութեան հայելին է այդ, որուն դիմաց երբ կանգնինք, մեր միտքին, սիրտին ու հոգւոյն բոլոր ծալքերը յստակ կրնանք տեսնել, նոյնիսկ անոնց ամէնէն մութ անկիւնները: Այս հայելիին պարզութիւնն է որ պահեցողութիւնը կը դարձնէ «թափանցիկ»:
Թափանցիկ իրերը յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն մարդոց հայեացքին դիմաց, որովհետեւ անոնց մէջէն թափանցող իրերուն պատճառաւ ստեղծուող խաբկանքը կը ստիպէ, որ նայողը իր հայեացքը սեւեռէ, այս անգամ առաջին իրը լաւապէս տեսնելու, եւ զայն զանազանելու համար ետեւի այն իրէն, որ առաջինին մէջէն կը թափանցէր: Առաջինը առանձին իր մը ըլլալով, իր տեղը ունի, իսկ երկրորդը՝ բնականաբար ի՛ր տեղը: Երկու առանձին իրեր՝ մէկը թափանցիկ իսկ միւսը՝ ոչ, միասին երեւնալով, միացեալ ըլլալու խաբկանքը կու տան նայողին:
Պահեցողութիւնը, ըստ քրիստոնէական վարդապետութեան, առաջին իրին՝ թափանցիկ առարկային նման պէտք է ըլլայ հաւատացեալ մարդու կեանքին մէջ: Պահք պահելով հանդերձ, աստուածավախ ու պատուիրանապահ քրիստոնեան պէտք է պահեցող չերեւի ուրիշներուն: Դէմք ու երեսներ լուացող ու օծանելիքն ալ դրած պահեցողին կատարած պահեցողութիւնը՝ թափանցիկ պահեցողութիւնն է, զոր կը նշմարէ ու կը գնահատէ միայն Աստուած: Մարդիկ եթէ իմանան՝ անշո՛ւշտ կը գնահատեն: Սակայն անոնց իմանալը, ի հեճուկս պահեցողին պիտի ըլլայ ըստ Աւետարանին, որովհետեւ մարդկային երբեմն շողոքորթ եւ անվստահելի գնահատանքին պիտի արժանանան անյապաղ: Գնահատանք, որուն շաղախուած կ՛ըլլայ երբեմն նախանձը, մարդահաճութիւնը, կեղծիքը եւ այլ տխուր ու եպերելի երեւոյթներ:
Պահեցողութեան թափանցիկութիւնը նաեւ փրկարար դերակատարութիւն ունի նոյնինքն պահեցողին համար: Այն «խոշորացոյց»ը, զոր շրջապատին մէջ գտնուողներ պիտի օգտագործեն պահեցողին նկատմամբ, նեղացուցիչ է պահեցողի անձին համար, որովհետեւ ամէն վայրկեան ան ստիպուած պիտի ըլլայ նախ պատասխան եւ ապա բացատրութիւն տալ իր կատարած պահեցողութեան մասին: Մինչդեռ եթէ «թափանցիկ» պահեցողութեան ձեւին հետեւի, այսինքն շրջապատին մէջ անզգալի ըլլայ իր կատարած պահեցողութիւնը, շատ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ պիտի անցընէ ան իր այդ ժամանակաշրջանը, քան երբ մարդիկ իմանան:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ աղօթքը, ծոմապահութիւնը, պահեցողութիւնը բոլորն ալ գաղտնապահութեան եւ միայն Աստուծոյ դատողութեան յանձնելու գաղափարը կայ շեշտուած: Աղօթքի պարագային՝ սենեակ մտնել, դուռը փակել եւ Հօր Աստուծոյ հետ զրուցելու պատուէրը կու տայ Յիսուս: Ծոմապահութեան պարագային երեսները լուալու եւ արտաքնապէս մաքուր ու կոկիկ երեւելու խրատը կու տայ ան իր հետեւորդներուն, որպէսզի մարդոց սրտերը Քննողը ի՛նք կատարէ հատուցումը՝ ըստ արժանւոյն:
Մէկը իր ճամբորդական փորձառութիւնը պատմելով կ՛ըսէր, թէ ովկիանոս հատող օդանաւին մէջ, երկարատեւ ճամբորդութեան ընթացքին նկատած էր միաստուածեան կրօններու ներկայացուցիչներուն կատարած աղօթքը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը օդանաւի պաստառին վրայ երեւցող քարտէսին օգնութեամբ գտած էր իր սրբավայրին գտնուած ուղղութիւնը եւ այդ կողմ դառնալով սկսած էր երկրպագութիւններու աւանդական խոնարհումներուն: Իր կողքին նկատած էր քրիստոնեայ հոգեւորականը, որ օդանաւի թռիչքին պահուն բաւարարուած էր դէմքը խաչակնքելով եւ հաւանաբար միտքէն ճամբորդութեան յատուկ աղօթքը կատարելով: Սոյն կրօնաւորներուն կատարած աղօթքին եզրակացութիւնը կատարելով, իր փորձառութիւնը պատմող անձը ըսաւ. «Ես չլսեցի քրիստոնեայ հոգեւորականին կատարած աղօթքը, սակայն Աստուած վստահաբար լսեց այդ եւ գնահատեց»:
Իւրաքանչիւր կրօն իր միջավայրի մշակոյթին ազդեցութիւնը կը կրէ անպայման: Այս պատճառաւ որեւէ մէկը մեղադրելի չէ՛: Այստեղ կը մնայ մարդոց կողմէ գնահատուելու կամ Աստուծմէ գործոց բարեաց հատուցում ստանալու այլընտրանքը, որուն դիմաց կը կանգնի հաւատացեալ մարդը, ինչ կրօնի հետեւորդ ալ ըլլայ ան: Վերջապէս կը հաւատայ անպայման հատուցման, որուն միտուած պէտք է ըլլան իր բարեպաշտական բոլոր արարքները: Կրթական կեանքին մէջ պատասխանատու մարմիններէն բարի վարուց գնահատանք ստանալու պարագան բացայայտ օրինակ մըն է Աստուծմէ ակնկալուած հատուցման: Կրթական համակարգէն երբ դուրս գայ գնահատումը՝ նիշով, բարի վարուց վկայագիրով, մրցանակներով կամ սովորական նուէրներով, այդ համակարգը շատ բան կը կորսնցնէ իր հեղինակութենէն, իսկ միւս կողմէ՝ աշակերտութեան մէջէն դուրս կու գայ մրցակցութեան ձգտումը, որ գլխաւոր խթանն է յառաջդիմութեան:
Թափանցիկ պահեցողութիւնը օրինակելի ըլլալէ բացի առիթ է մարդուն մէջ զարգացնելու խոնարհութեան առաքինութիւնը, որ մնայուն պայքարի մէջ է հպարտութեան այնքան տարածում գտած մոլութեան դէմ: Հպարտութիւնը առաջին խոչընդոտն է պահեցողութիւնը թափանցիկ կատարելու գործընթացին, որովհետեւ ի ցոյց մարդկանց կատարուած պահեցողութիւնը հպարտ մարդուն նախասիրութիւնն է, իսկ թափանցիկ պահեցողութիւնը՝ խոնարհ հոգի ունեցող իսկական հաւատացեալին նախընտրութիւնը: