ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, 21 Փետրուարին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները՝ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, որոնց հետ քննարկեցին օրակարգային շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնին ներկայացուց Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:
Քննարկուեցան նաեւ Արցախի նախընտրական շրջանին վերաբերող շարք մը հարցեր: ՀՅԴ երկու կառոյցներուն ղեկավար մարմիններու անդամները միտքեր փոխանակեցին Արցախի անվտանգութեան սպառնացող շարք մը մարտահրաւէրներու շուրջ եւ ձեռք բերին պայմանաւորուածութիւններ յառաջիկայ կատարելիքներուն վերաբերեալ: