ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, 27 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6ին սկսող Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան հանրային նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի քաղաքին մէջ Մելգոնեան երկրորդական վարժարանը բանալու նպատակով դիմումը։
Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի շէնքին «Հիքընպաթըմ» սենեակին մէջ, որուն հասցէն է՝ 351 S. Hudson Ave., Room 236, Pasadena, CA 91101։
Ցարդ, Մելգոնեան երկրորդական «չարթըր» վարժարանը յաճախելու պատրաստակամութիւն յայտնած են մօտաւորապէս 200 աշակերտներ։
Վարժարանին նախաձեռնած Melkonian Global Overture-ի նպատակն է ՀԲԸՄի կողմէ փակուած Մանուկեան վարժարանին ձգած բացը գոցելը։
Վարժարանին հիմնադիրները՝ Արսինէ Շիրվանեան եւ Մարօ Եագուպեան կոչ կ՛ընեն համայնքին, որ մեծաթիւ ներկայութեամբ՝ ցոյց տայ Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան, որ համայնքը նման վարժարանի մը կենսական կարիքը ունի։