ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ 33 թուրք զինուորներու սպանութենէն ետք, Անգարա որոշած է գաղթականներու հոսքին առջեւ բանալ դէպի Եւրոպա տանող «ծովային եւ ցամաքային դարպասներ»ը եւ կարգ մը պարագաներու, նոյնիսկ փոխադրամիջոցներով գաղթականներ հասցուցած է այդ սահմաններուն մօտակայ վայրերը։ Հարիւր հազարաւոր գաղթականներ հասած են թուրք-յունական եւ թուրք-պուլկարական սահմանները ու հակառակ սահմանապահներու ջանքերուն, տասնեակ հազարաւոր սուրիացի, եւ այլ ազգերէ գաղթականներ կրցած են անցնիլ Եւրոպա: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ արդէն 117,677 գաղթականներ հեռացած են Թուրքիայէն եւ յաջողած են մուտք գործել Եւրոպա: