ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 6 Մարտի մեր թիւով հաղորդած էինք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեանց բաժինին կողմէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն ուղարկուած էր նամակ-պահանջագիր մը, որուն տակ ստորագրելով՝ փոքրամասնութիւնները զօրակցութիւն պէտք է յայտնէին պետութեան կողմէ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ գործադրուած քաղաքականութեան։
Փոքրամասնութիւններուն ուղարկուած այս նամակը ծանր մթնոլորտ ստեղծեց իշխանութիւններուն դէմ եւ «Ճումհուրիյէթ» թերթը գրեց, որ պետութիւնը այսպիսով ճնշում կը բանեցնէ փոքրամասնութիւններուն վրայ։
Ուրբաթ օրը հաղորդուեցաւ, որ այս գծով հակազդեցութիւն մը եղած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Մարտինի երեսփոխան Թոմա Չելիքէն, որ հարցը խորհրդարան փոխադրեց՝ հարցագիր մը ուղղելով հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուատ Օքթային։ Թոմա Չելիք ուղղած է հետեւեալ հարցումները.
– Այս նամակը որո՞ւն կողմէ պատրաստուած է.
– Նամակը որո՞ւն որոշումով ուղարկուած է փոքրամասնութիւններուն.
– Ուրիշ ո՞ր կազմակերպութիւններուն ուղարկուած է այսպիսի նամակ մը.
– Այն հաստատութիւնները, որոնք պիտի չստորագրեն, պիտի պատժուի՞ն։