ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան Պրիւքսէլի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԺԿի նախագահ Տանըլտ Թուսքի հետ:
Տանըլտ Թուսք խօսեցաւ Հայաստանի հետ իր ունեցած աւանդական բարեկամութեան մասին՝ շեշտելով, որ իր նոր պաշտօնին վրայ ինք եւս պիտի գործակցի Հայաստանի հետ։ Ըստ անոր՝ Եւրոպայի մէջ, նաեւ հանրութեան եւ քաղաքական գործիչներուն մօտ, Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն նկատմամբ կայ բարձր վստահութիւն, ինչ որ քաղաքական կարեւորագոյն դրամագլուխն է:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ բարձր կը գնահատեն Թուսքի դերը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման առումով՝ աւելցնելով, որ ԵԺԿ նախագահի պաշտօնին վրայ եւս ան պիտի նպաստէ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ յառաջընթացին:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ՝ կարեւոր նկատելով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հայ խորհրդարանականներուն եւ ԵԺԿ խմբակցութեան պատգամաւորներուն միջեւ սերտ ու աշխոյժ համագործակցութիւնը:
Վարչապետը անդրադարձաւ երկրին մէջ իրականացուող դատական-իրաւական բարեփոխումներու ընթացքին, որոնց կարգին՝ յառաջիկայ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի հանգամանքներուն:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ տեղի ունեցող հետեւողական գործընթացներուն շուրջ:
ԵԺԿի նախագահը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նպաստելու Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման: