ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Մինչ 9 Մարտին, «Քորոնա» նոր ժահրին ծննդավայրը նկատուող Չինաստանի մէջ միայն 44 վարակման նոր դէպքեր արձանագրուեցան, անիկա նոր մտավախութիւններ յառաջացուց յատկապէս Հարաւային Քորէայի, Իտալիոյ եւ Իրանի մէջ, ինչպէս նաեւ ծանր հարուած հասցուց համաշխարհային տնտեսութեան։ Վարակումի ամէնէն շատ նոր դէպքերը արձանագրուեցան Իրանի մէջ, ուր յայտնաբերուեցան 595 նոր հիւանդներ եւ արձանագրուեցան 43 նոր զոհեր։ Իրանի մէջ մօտաւորապէս 5000 վարակուածներու բուժումը կը շարունակուի:
Չինաստանէն ետք ամէնէն մեծ թիւով մահերը արձանագրուեցան Իտալիոյ մէջ, ուր Կիրակի օր ժահրը 133 կեանքեր խլեց: Հիւանդութեան տարածումը կանխելու համար, կառավարութիւնը երկրին հիւսիսային շրջաններուն վրայ, ուր առնուազն 16 միլիոն քաղաքացիներ կ՛ապրին, ճամբորդութեան արգելք սահմանեց։
Հարաւային Քորէան ունի Չինաստանէն ետք ամէնէն մեծ թիւով վարակուածները։ Ներկայիս հոն կը բուժուին մօտաւորապէս 7500 անձեր. ապաքինած են 166 եւ մահացած՝ 53 անձեր:
Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուեցաւ 22րդ զոհը, իսկ աշխարհի տարածքին զոհերուն թիւը կը մօտենայ 4000ի, իսկ վարակուածներունը՝ 110,000ի։
Մինչ այդ, ժահրին յառաջացուցած անորոշութիւնը բաժնետոմսերու համաշխարհային շուկաներու 7-8 տոկոսի անկումներ պատճառեց, մինչ քարիւղին գինը առաւել քան 20 տոկոսի կորուստ մը արձանագրեց։