ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քորոնա» ժահրի վարակումի կանխարգիլման եւ յաղթահարման նպատակով ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար բացուած դրամատնային հաշիւին կատարուած է 121 միլիոն 175 հազար 406.2 դրամի փոխանցումներ, իսկ մուտքերու ընդհանուր թիւը՝ 688: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Այս հաշիւին կատարուած փոխանցումներուն մասին գրառում կատարած է Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, որ բացատրեց, թէ ինչի՛ պիտի յատկացուի գանձապետական հաշուի գումարները։ Ան ըսաւ, որ գումարները պիտի տրամադրուին առողջապահական կարիքներու համար՝ բժշկական անձնակազմի խրախուսում, բժշկական պարագաներու եւ սարքաւորումներու ձեռք բերում, բժշկական կեդրոններու շէնքային պայմաններու բարելաւում. ընկերային կարիքներու համար՝ անապահով ընտանիքներուն, տեղաշարժման դժուարութիւններ ունեցող, վտանգուած խումբին մէջ եղող անձերու (ընտանիքներու) մթերք, անհատական պաշտպանութեան եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներով ապահովում։ Օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի նաեւ կամաւոր խումբերուն անհրաժեշտ պարագաներ ապահովելու եւ աշխատանքներ կազմակերպելու, փոխադրութիւններու եւ այլն:
«Պահպանելով հաշուետու եւ թափանցիկ կառավարման սկզ-բունքները՝ պարբերաբար հանրութիւնը կը տեղեկացուի ստացուած միջոցների ծաւալի եւ դրանց օգտագործման ուղղութիւնների վերաբերեալ», յայտնեց Աւինեան։