ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Թոքիոյի մէջ, 2020ի Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով Ողիմպիական խաղերը պիտի չջնջուին, այլ մէկ տարիով պիտի յետաձգուին։
Մինչ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը կը շարունակէ քննել քաղաքացիներուն եւ տնտեսութեան աջակցելու հսկայ ծրարը, փորձելով հաւասարակշռութիւն մը գտնել աշխատաւորներուն եւ հսկայ ընկերութիւններուն տրամադրուելիք աջակցութիւններուն մէջ, Չինաստանի մէջ 24 Մարտին արձանագրուեցան վարակման 4 տեղական եւ 74 արտասահմանեան պարագաներ։ Նախորդող հինգ օրերուն, «Քորոնա» ժահրով վարակման տեղական նոր պարագաներ չէին արձանագրուած:
Սպանիոյ մէջ, 24 Մարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 514ի:
Հարաւային Քորէայի մէջ ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8961ի, սակայն 12 օրէ ի վեր նոր վարակումներուն թիւը կը նուազի:
Իտալիոյ մէջ, 23 Մարտին արձանագրուեցան 602 մահեր, շարունակելով երեք օր առաջ սկսած նահանջը։ Կիրակի օր 651 զոհեր արձանագրուած էին, իսկ Շաբաթ օր՝ 793։
24 Մարտին, Հնդկաստան եւս յայտարարեց, որ քաղաքացիները յառաջիկայ 21 օրերուն իրնեց տուներէն պէտք չէ հեռանան։ Երկրին մէջ կան վարակման 500 դէպքեր եւ մահացած են 9 քաղաքացիներ։
Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով մահացածներուն թիւը անցաւ 17,000ի սահմանը, մինչ վարակուածներունը կը մօտենայ 400,000ի։ Ցարդ դարմանուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաւել քան 100,000 հիւանդներ։