ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ նախորդ օրը «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու կասկածով Հայաստան ուղարկուած երկու փորձանմոյշներու քննութեան արդիւնքներէն ի յայտ եկած է, որ անոնցմէ մէկը ունի այդ ժահրը։
Արցախի տեղեկատուական շտապը այս գծով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ նշեալ քաղաքացին 2 Ապրիլի առաւօտեան շտապ օգնութեան ինքնաշարժով տեղափոխուած էր Քաշաթաղի բժշկական կեդրոնը եւ մեկուսացուած, որովհետեւ Արցախ վերադարձած էր Հայաստանի «վարակի օճախ» նկատուող բնակավայրէն: Քննութեան ենթարկուած երկրորդ քաղաքացին եղած է Հայաստանէն վերադարձած քաղաքացիին դրացին, որ 4 Ապրիլին այլ հարցով տեղափոխուած է բժշկական կեդրոնը։
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ քաղաքացին Հայաստանէն Արցախ վերադառնալէ ետք գտնուած է Քաշաթաղի շրջանի Միրիկ գիւղին մէջ, նախորդ օրերուն ան յարաբերութեան մէջ եղած է 17 քաղաքացիներու հետ, որոնք, ապահովութեան նկատառումներով, նախօրօք ինքնամեկուսացուած են, եւ այս պահուն որեւէ ախտանշաններ չունին, անոնց բնակարանները հականեխուած են, իսկ Միրիկ գիւղը հսկողութեան տակ է։
Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան այս մասին խօսելով՝ ըսաւ, թէ վարակուած անձը 60 տարեկանէն վեր է, ուրեմնէ աւելի շատ վտանգի ենթակայ է։ «Շտապօգնութեան մեքենայով նշեալ անձը տեղափոխուել է Հայաստան: Նա բուժում կը ստանայ Երեւանում: Անձը 60 տարեկանից բարձր է եւ որոշակի ռիսկային (վտանգուած-Խմբ.) խմբում է գտնւում», նշեց Մարտիրոսեանը: