ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ․- Քալիֆորնիոյ գաւառներու իշխանութիւնները համախոհութիւն գոյացուցած են «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող բնակարաններու տէրերուն, փոքրածաւալ գործարարութիւն կատարողներուն եւ կարգ մը այլ կալուածներու սեփականատէրերուն կալուածային տուրքերու վճարումը յետաձգելու կարելիութիւն ընձեռնելու։
Քալիֆորնիոյ գաւառներու իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՛ընեն վճարելու կարողութիւն ունեցող սեփականատէրներուն, որ իրենց վճարումները կատարեն, գաւառին աշխատանքերուն անհրաժեշտ գումարները ապահովելու համար, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ անջատաբար պիտի քննեն դժուարութիւններ դիմագրաւողներուն վճարումները յետաձգելու դիմումները։
Քալիֆորնիոյ կալուածային տուրքերու վճարումը պէտք է կատարուի