ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Երեքշաբթի, 28 Ապրիլին, միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն:
Հաւաքը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով: Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը ներկայ աշխարհին եւ յատկապէս հայ կեանքին մէջ: Այս ծիրին մէջ, կաթողիկոսը լայն կերպով անդրադարձաւ մեր թեմերուն եւ հոն կատարուող աշխատանքներուն: Ան գնահատեց մեր առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն կողմէ կատարուող ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը կ՛ընծայեն կատարուող աշխատանքներուն:
«Ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, անոր գոյութեան պատճառն է ու նպատակը. մեր Սուրբ աթոռին հոգեւորականները այս գիտակցութեամբ ու վերանորոգ յանձնառութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց ժողովրդանուէր ծառայութիւնը», յիշեցուց հայրապետը։
Հայրապետը նաեւ շեշտեց Աստուծոյ խօսքի քարոզութեան հրամայականը: «Ծառայութեան առընթեր, Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն քարոզութիւնը եկեղեցւոյ կոչումն է։ Հոգեւորականը նախ պէտք է ապրի ու ապա քարոզէ Աստուածաշունչը», շեշտեց ան, նոյն ժամանակ զգուշացնելով, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներկայ ժամանակներու աժան ու մակերեսային հոգեւորութենէ ու քարոզութենէ: «Ժողովուրդին յոյս պէտք է ներշնչել, անոր հաւատքը պէտք է զօրացնել, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուար պայմանները», ըսաւ վեհափառը։
Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց վանաբնակ միաբաններուն, որոնք հոգեմտաւոր աշխատանքներու ճամբով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ազգանուէր ծառայութեան։ Այս ուղղութեամբ ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով հաւատացեալներ կը հետեւին կաթողիկոսարանի CILICIA TV-ի սփռումներուն։
Հայրապետը նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը։