ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա զգուշացուց, որ Ռուսիա հիւլէական զէնքով պիտի հակադարձէ սուզանաւերէ արձակուած հեռահաս հրթիռներով ամերիկեան որեւէ յարձակումի:
Զախարովա, մեկնաբանելով ամերիկեան սուզանաւեր հիւլէական զինագլուխներով օժտուած հրթիռներով զինելու մասին ամերիկեան տեղեկատուութիւնները՝ ըսաւ. «Ռուսիա այդ քայլը կը նկատէ վտանգաւոր եւ կայունութիւնը քայքայող»:
«Այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ, հիւլէական ռազմավարական եւ ոչ -ազմավարական զէնքերու տարածման արգելքի դիտաւորեալ ջնջում է, եւ անիկա հիւլէական տագնապի մը վտանգը կ՛աճեցնէ», ըսաւ ան:
«Այս տեսակէտին համաձայն են ամերիկացի գիտնականները, նաեւ Քոնկրեսի անդամներ», աւելցուց Մարիա Զախարովա: