ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԵՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի Զբօսավայրերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով, մօտաւորապէս երկու ամիսներէ ի վեր փակ մնացած թենիսի եւ այլ մարզանքներու դաշտերը, ձիերով մարզանքի կեդրոնները, BMX հեծանիւներու տարածքները, ինչպէս նաեւ համայնքային պարտէզները պիտի վերաբացուին 15 Մայիսին:
«Ուրախ ենք, որ պիտի կրնանք բանալ այս զբօսայգիները եւ յարմարութիւնները, որպէսզի համայնքը կարենայ ապահով կերպով օգտուիլ անոնցմէ», կը յայտնէ Լոս Անճելըս գաւառի Զբօսավայրերու վարչութեան տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնատար Նորմ Կարսիա՝ աւելցնելով․ «Մենք հանրութեան կը յիշեցնենք, որ ցուցումքներուն եւ նախազգուշական միջոցառումներուն պահպանումը էական նշանակութիւն ունի այդ վայրերը անխափան բաց պահելու համար»:
Կը խնդրուի դիմակներ կրել, իրարմէ 6 ոտք հեռու մնալ եւ հետեւիլ ցուցադրուած խրատներուն։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 13 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 47 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 1264 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 34,428 վարակումներ եւ 1,659 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը կը հասնի 264,000ի։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 73,143 վարակումներ եւ 2974 մահեր։