ՊԱՔՈՒ.- Անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճանի Լենքորան քաղաքին մէջ ձերբակալուեցաւ թալիշ թղթակից եւ իրաւանց պաշտպան Էլվին Իրշատով, որ ընկերային ցանցերու վրայ ծանօթ է Ումար Ալի անունով:
Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ «Ատրպէյճանի թալիշներու հասարակական խորհուրդ»ը յայտարարած է, որ Իրշատով ձերբակալուած է, երբ դրամատուն մը կը փորձէր մտնել։
Իրշատով երկար ժամանակէ ի վեր կը հետապնդուէր երկրին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, մենատիրական իշխանութիւնը քննադատելուն համար: Մասնաւորաբար, շաբաթներ առաջ ան հրապարակած էր տեսանիւթ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէր, թէ երկրին իշխանութիւնները ինչպէս կը ջնջեն թալիշներու վերաբերեալ պատմական բոլոր յիշատակումները:
Ան կը ցուցադրէր 1995ին տպագրուած Ատրպէյճանի պատմութեան դասագիրքը, ուր յիշատակում կայ Թալիշ խանութեան մասին, սակայն պատմութեան նոր դասագիրքին մէջ այդ խանութիւնը կոչուած է Լենքորանի խանութիւն:
Ոստիկանութիւնը երկար ժամանակ չհաստատեց ձերբակալութեան լուրերը, իսկ ապա ընդունեց, սակայն մերժեց որեւէ մանրամասնութիւն հրապարակել այդ մասին: