ԵՐԵՒԱՆ.- «Քորոնա» համաճարակնի ստեղծած ճգնաժամային պայմաններուն լոյսին տակ, այս տարի արգիլուեցաւ քաղաքացիներուն մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիրը:
ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի եւ վարչական շրջաններու կոմիտէութիւններու անդամները Մայիսի 28ի առիթով այցելեցին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի եւ քաղաքական, ռազմական ու պետական գործիչ Գարեգին Նժդեհի յուշարձանները։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ այս օրը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունի։
«Չնայած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գոյութիւնը կարճ տեւեց՝ ընդամէնը 30 ամիս, բայց նրա դերը եւ նշանակութիւնը շրջադարձային է հայ ժողովրդի համար», շեշտեց Սաղաթելեան՝ աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւն տեսած, իր հայրենիքին մեծագոյն մասը կորսնցուցած ժողովուրդը կրցաւ իր մէջ ուժ գտնել, կամք գտնել եւ Մայիս 1918ին հիմնադրել Առաջին Հանրապետութիւնը՝ մինչ այդ կասեցնելով թշնամիին գրոհը Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէյի մէջ:
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան վաստակը ստուերող կարծրատիպերուն, Իշխան Սաղաթելեան պատասխանեց՝ վկայակոչելով Խորհրդային Միութեան մէջ 70 տարիներ շարունակ ստեղծուած ժապաւէնները, գրականութիւնը, կեղծ պատմութիւնը, որ տարիներ շարունակ փորձեց վարկաբերել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ծնունդի գլխաւոր քաղաքական ուժն էր։
«Այս ամէնը դիտւում է այդ շրջանակում։ Իսկ նրանք, ովքեր ծանօթ են հայ ժողովրդի պատմութեանը, լաւ գիտեն Դաշնակցութեան դերը եւ նշանակութիւնը հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ։ Հետեւաբար, նման անիմաստ բամբասանքները եւ խօսակցութիւնները լուրջ ընդունելը եւ դրանց անդրադառնալը անիմաստ է», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը։
Ըստ անոր՝ մինչեւ օրս պատշաճ կերպով չեն գնահատած այն քաղաքական ուժը, այն քաղաքական, հասարակական գործիչները, որոնց շնորհիւ կերտուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը։ Սաղաթելեան շեշտեց, որ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր նուիրեալները արժեւորելու կարիք կայ յատկապէս մեր օրերուն, երբ ամէն կողմէ Հայաստան կը ներմուծուին կեղծ եւ քայքայիչ արժէքներ ու ծրագիրներ:
«Մեր նորօրեայ սերնդի համար չափորոշիչ եւ ուղենիշ պէտք է լինի այն արժեհամակարգը, որը կրում էին Առաջին Հանրապետութեան մեր նուիրեալները», նշեց Իշխան Սաղաթելեան՝ յիշեցնելով այն դժնդակ տարիները, երբ Մայիսի 28ը, այս փառաւոր տօնը մարդիկ գաղտնի կը նշէին, առանձին, նոյնիսկ յաճախ կեանքով հատուցելով անոր համար:
«Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննես Քաջազնունին 1937թ. Հրազդան գետի ափին միայնակ է նշել Մայսիսի 28ը, յիշել իր ընկերներին, անցած փառաւոր ուղին եւ արտասուել: Յիշենք նաեւ, որ դրանից երկու ամիս անց նա ձերբակալուեց, դատապարտուեց գնդակահարութեան եւ մահացաւ բանտում: Այսինքն՝ անկախութեան գաղափարի կրողները կեանքով են հատուցել այն արժէքների համար, որոնց շնորհիւ կերտուեց Առաջին, իսկ նրա հենքի վրայ էլ՝ մերօրեայ հանրապետութիւնը», եզրափակեց Սաղաթելեան: