ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 Յունիսին ընդունեց Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) նորանշանակ քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը։
Նախագահ Յարութիւնեան նշեց, որ կ՛ակնկալէ աշխոյժ աշխատանք՝ ընդգծելով, որ ԱԽի նորանշանակ քարտուղարը մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ առաջարկներ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նոր կանոնադրութեան եւ նոր կառուցուածքին վերաբերեալ:
«Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է դառնայ պետական կառավարման այն օղակներից մէկը, որտեղ քննարկւում են մեր բնակչութեանը մտահոգող հիմնահարցերը: Համատեղ աշխատանքով պէտք է փորձենք կեանքի կոչել այն յուշագիրը, որը ստորագրուած է երկու քաղաքական ուժերի միջեւ», հաստատեց Ա. Յարութիւնեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար՝ Սամուէլ Բաբայեան նշեց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ յուշագիրին բոլոր կէտերը իրականացնելու ուղղութեամբ: Ըստ անոր՝ հիմնական ուշադրութիւնը սեւեռած պիտի ըլլայ անվտանգութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման վրայ: