ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Պի․Սի․»․- «Քորոնա» ժահրի վարակումներու նոր աճ սկսած է Միացեալ Նահանգներու այն նահանգներուն մէջ, որոնք մօտաւորապէս ամիս մը առաջ սկսան տնտեսութիւնը վերաբանալու։ Օրինակի համար, անցեալ շաբաթ Արիզոնայի մէջ վարակումները նախորդ շանթուան հետ համեմատած 49 տոկոսով աճած են։
Վարակումներու աճ կը նախատեսուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներու առաւել քան 300 քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն պատճաով։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 4 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 44 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1469 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 59,650 վարակումներ եւ 2531 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 659,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 123,000ի եւ արձանագրուած են 4484 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․93 միլիոն եւ 110,551 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու մեծագոյն թիւը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ հասած է 618,554ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 34,072ի, ինչ որ մեծագոյն թիւն է Միացեալ Նահանգներէն եւ Բրիտանիայէն ետք։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 6․7 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 395,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 3․28 միլիոն վարակուածներ։