ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Թրքական ուժերուն զօրակցութեամբ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներ Սուրիոյ Հասիչէ նահանգի գիւղերուն մէջ իրենց բռնարարքները կը շարունակեն՝ ի գործ դնելով Սուրիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը:
Անոնք հրկիզեցին նաեւ Հասիչէի հիւսիսային շրջանի գիւղատնտեսական հողերը եւ անոնց բերքը, որմէ ետք նաեւ շրջանի բնակարանները, աղքատութեան ու տարհանումի վտանգին դէմ յանդիման դնելով սուրիոյ քաղաքացիները: