ՊԷՅՐՈՒԹ, ՀԱԼԷՊ, «Էլ.Պի.Սի.», «Գանձասար»․- Իսրայէլեան պատերազմական չորս օդանաւեր խախտեցին Լիբանանի օդային տարածքը եւ Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածեցին:
Սուրիական պետական աղբիւրներ աւելի ուշ հաղորդեցին, որ Սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերը Համայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մսիաֆի մէջ դէմ դրին իսրայէլեան յարձակումի մը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած եւ օրըստօրէ սաստկացող պատժական տնօրինումները՝ պնդելով, որ նման «տնտեսական ահաբեկչութիւն»ը սուրիացիներուն արիւնահեղութեան պատճառ հանդիսացող եւ անոնց խաղաղ կեանքը զգետնող զինեալ ահաբեկչութեան միւս երեսն է:
Իր կարգին, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ պատուիրակ Պաշշար Ճաֆարի անգամ մը եւս հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու դէմ սահմանուած միակողմանի պատժամիջոցները կը խափանեն պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը։