ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակով մը դարձեալ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ քոնկրեսական ղեկավարներու, որ Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած՝ Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան ծրարէն 25 միլիոն տոլարը անյապաղ յանձնէ Երեւանին, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով։
Ամերիկայի Հայ Դատ յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան 5 Յունիս թուակիր նամակին մէջ կը շեշտէ, թէ Հայաստանին անհրաժեշտ են բժշկական սարքեր եւ այլ միջոցներ, ինչպէս նաեւ տնտեսական աջակցութիւն՝ «Քորոնա» ժահրէն տուժած ընտանիքներուն օգնելու համար՝ աւելցնելով, որ այս գծով իր յղած 3 Ապրիլի նամակէն ետք Հայաստանի մէջ վարակուած անձերու թիւը 640էն բարձրացած է 11,221ի:
Համբարեան 3 Ապրիլի իր առաջին նամակը հասցէագրած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին։