
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի պնդումով՝ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի հետ շփման գիծին վրայ, համեմատական անդորրին գլխաւոր պատճառներէն մէկը Հայաստանի մատակարարուած ամերիկեան պաշտպանութեան սարքաւորումներն են։ Ան այս պնդումը կատարեց Պաքուի մէջ պատկերասփռուող ռուսալեզու CBC կայանէն։
«Հայերը, Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց հովանաւորներուն շնորհիւ, ռազմական սարքաւորումներ ձեռք բերած եւ տեղադրած են ռազմաճակատի գիծին երկայնքով։ Անոնք դիտարկման համակարգեր են։ Հայերը այդ սարքաւորումները տեղադրած եւ քաշուած են, որպէսզի մենք չկարենանք զիրենք թիրախ դարձնել մեր հրաձգային զէնքերով», յայտարարեց Հասանով։
Ան աւելցուց, թէ Հայաստանին նման սարքաւորումներ մատակարարելու հարցով դիմած է շարք մը ամերիկացի պաշտօնատարներու, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու, սակայն անոնք այդ գծով ոչ մէկ յստակ պատասխան տուած են։ «Ոեւէ մէկը չկրցաւ բացատրել, թէ հայերը ինչպէս կրցած են ձեռք բերել նման սարքեր», յայտնեց Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը։
Յստակ չէ՞ թէ որքան կեղծ եւ սուտ է տարածուած լուրը. «Հայերը այդ սարքաւորումները տեղադրած եւ քաշուած են…»:
Գոնէ ինծի համար կա՛մ նախարարին, կա՛մ իր լսարանին միամտութիւնը եւ կա՛մ նախարարին յիմար կարծած լսարանին պատկերը կ’երեւի հոս: