ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ․- Համաճարակին ստեղծած մարտահրաւէրները նոր առիթներու վերածելով, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին հովանիին տակ սկսած է գործել մարդամեքենաներու կառուցման առցանց ծրագիր մը։
Վարժարանին տնօրէնը՝ Դաւիթ Ղուկասեան կը յայտնէ, թէ ոլորտին նուիրուած ծրագիրը մտայղացումն էր երկրորդականի աշակերտներէն Էնտրու Ճոզեֆբեկին, որ փոքր տարիքէն գիտական նիւթերու եւ յատկապէս մարդամեքենաներու կառուցման նկատմամբ յատուկ սէր ունեցած է։
Արդարեւ, ան կազմակերպած է առցանց գործող ակումբ մը, որուն կանդամակցին միջնակարգէն եւ երկրորդականէն աշակերտներ։
Նշենք, որ Էնտրու ծոռն է վարժարանի հիմնադիրներէն Վաղարշակ Տիլանեանի։
Բռաւօ Անդրու ձեր առաջադէմ ընդունակ և ապագայ խօստացող քայլերի արդիւնքի համար:
Լաւագոյն մաղթանքներով ձեր ներկայ և ապագայ վերելքի համար: