
Կիրակի, 14 Յունիսին, Մերտինեան վարժարանի ինքնաշարժներու կանգառին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանիս ամավերջի հանդէսը՝ երեք հանգրուաններով, հովանաւորութեամբ վարժարանի տնօրինութեան եւ ներկայութեամբ ուսուցիչներուն, աւարտական դասարաններու հունձքերը եւ ծնողներուն։
Հանդէսի բացումը կատարեց վարժարանիս տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան, որ մատնանշեց թէ «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած իրավիճակին պատճառաւ, վարժարանը հրատապ յանձնառութեան դէմ յանդիման գտնուելով՝ քանի մը օրուան մէջ ստանձնեց դասաւանդութիւններուն առցանց ուսուցման տարբերակը։ Վարժարանիս պատկան մարմինները, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, ոգի ի բռին գործակցելով ծնողներուն հետ՝ իր աւարտին հասցուցին այս տարին։ Ապա ան հրաւիրեց մանկապարտէզի հունձքը․ աշակերտները ինքնաշարժ առ ինքնաշարժ մօտեցան բեմը ներկայացնող պաստառին՝ ստանալու իրենց վկայականները։
Ապա հերթն էր Ե. կարգի աշակերտներուն, որոնք դարձեալ ինքնաշարժներով մուտք գործեցին դպրոց։ Դասարանին ամէնէն բարձր միջինը ապահոված աշակերտը՝ Յովհաննէս Պէննէեան ընթերցեց հայերէն իր ուղերձը, իսկ երկրորդ բարձագոյն նիշ ապահոված աշակերտուհին՝ Ատրիանա Առաքելեան, անգլերէն իր ուղերձը կարդաց, որմէ ետք աշակերտները մէկ առ մէկ ստացան իրենց վկայականները եւ նկարուեցան պաստառին դիմաց։
Օրուան երրորդ եւ վերջին հագրուանը վերապահուած էր վարժարանիս Ը․ կարգի աշակերտներուն, որոնք դուրս գալով իրենց ինքնաշարժներէն, հեռաւորութեան օրէնքները յարգելով՝ շարուեցան իրենց ծնողներուն ինքնաշարժներուն դիմաց։

Դասարանին երկրորդ բարձրագոյն միջինը ապահոված Ճիւլիա Այրաբեթեան ընթերցեց անգլերէնով իր ուղերձը՝ նշելով թէ ինք միայն ընթացիկ տարին յաճախած էր Մերտինեան, սակայն այդ կարճ միջոցին ան կրցած էր ստանալ այնքան գիտելիք, որ հիմք պիտի ծառայէ ապագայ ուսման ձեռքբերման։
Երկու աշակերտուհիներ՝ Նայիրի Գարաճեան եւ Ալեքսա Պուչաքեան ապահոված էին դասարանին բարձրագոյն միջինը։ Նայիրին կարդաց իր ուղերձը՝ հայերէնով։ Ան հաստատեց, թէ Մերտինեանը միայն դպրոց չէր, այլ նաեւ՝ հարազատ տուն, որ ջամբեց հայեցի դաստիարակութիւն։ «Երախտապարտ ենք նաեւ Մերտինեանի հոգաբարձական կազմին եւ տնօրէնութեան, որոնք մեզի համար շրջանաւարտութեան այս արարողութիւնը կազմակերպեցին, ի գործ դնելով իրենց ստեղծագործ կարողութիւնները», աւելցուց Նայիրին:
Ալեքսանը անգլերէնով կարդացած իր ուղերձին մէջ բերաւ Ուինի Տը Բուի խօսքերը․ «Որքան բախտաւոր եմ, որ ունիմ բան մը, որուն «մնաք բարով» ըսելը դժուար է», եւ աւելցուց, թէ այդ մէկը իրեն համար Մերտինեանն է։ «Իմ այս հրաշալի դպրոցին մէջ անցուցած օրերս անմոռանալի են․ սիրելի ծնողք՝ շնորհակալ եմ, որ ինծի այս առիթը պարգեւեցիք եւ երախտապարտ եմ ուսուցիչներուս, որոնք ներշնչեցին զիս եւ միշտ կողքս կանգնեցան», ըսաւ Ալեքսանը:
Դասարանին երրորդ բարձրագոյն նիշը ապահոված Յովսէփ Այվազեան իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն կողմէ տնօրէնուհի Արսլանեանին յանձնեց իրենց նկարներով պատրաստուած շրջանակ մը՝ աւելցնելու համար վարժարանի անցքին պատերուն վրայ ցուցադրուած աւարտական դասարաններու փաղանգին։
Հանդէսը փակուեցաւ վարժարանիս Կրօնի բաժանմունքի պատասխանատու Լենա էքմէքճեանի աղօթքով։
Դպրոցական անսովոր տարեշրջան մը բոլորեցինք․ 2020ի շրջանաւարտները միշտ պիտի յիշեն, թէ իրենք արտակարգ տարուան մը իւրայատուկ աւարտական սերունդն են։
Շնորհաւո՛ր սիրելի շրջանաւարտներ եւ բարի երթ ձեզի։ Մեր յիշողութեան մէջ ձեր դրոշմը ձգած կը հեռանաք մեզմէ։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)